Տաւուշի մէջ պիտի հիմնուի Փաթրիք Տեւեճեանի անուան գիւղատնտեսական կրթահամալիր

Հայաստանի Տաւուշ մարզին մէջ կը հիմնուի ֆրանսական օրինակով գիւղատնտեսական-կրթական համալիր: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հանրային քննարկման ներկայացուցած է Իջեւան քաղաքի Տաւուշի տարածաշրջանային պետական գոլէճը Փաթրիք Տեւեճեան տարածաշրջանային վարժարանի վերակազմաւորելու որոշումի նախագիծ: Կեդրոնը իր դռները կը բանայ 2022-ի Սեպտեմբերին՝ Ֆրանսայի մէջ վերապատրաստում անցած մասնագէտներով: Ֆրանսացի դասախօսներ նոյնպէս պիտի ներգրաւուին կրթական գործընթացին մէջ: Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամը կը ծրագրէ շարք մը ներդրումներ, ինչպիսիք են՝ դասախօսական կազմի վերապատրաստումը մասնագիտական ծրագիրներու միջոցով, ուսուցողական եւ գործառութային նիւթերու մասնակի համալրումը, շէնքի վերանորոգումը, սրճարաններու կահաւրուոմ, լոգարանի վերանորոգում, տարրագիտութեան, կենսաբանութեան եւ բնագիտութեան, ինչպէս նաեւ ագարակի գործիքներու ժամանակակից աշխատանոցներու հիմնում: Կը նախատեսուի նաեւ մարզասրահ մը եւ ուսանողներու զուարճանքի սրահ: Ծրագիրով հետաքրքրուողները կրնան իրենց առաջարկները ներկայացնել կամ նախագիծին մասին մեկնաբանութիւն կատարել: Այս մասին յայտնած է նախարարութիւնը:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *