PicsArt, DISQO, ServiceTitan. երեք հայկական ընկերութիւններ՝ «Forbes»-ի ցանկին վրայ

Երեք հայկական ընկերութիւններ՝ PicsArt, DISQO եւ ServiceTitan, դասուած են Ամերիկայի 500 լաւագոյն սթարթափներու շարքին: «Forbes» «Statista» շուկայի հետազօտութեամբ զբաղող ընկերութեան հետ գործակցաբար կազմած է ցանկը՝ գնահատելով առնուազն 50 աշխատակից ունեցող 2 500 ամերիկեան ձեռնարկութիւն՝ հետեւեալ երեք չափանիշներով. գործատուի հեղինակութիւն, յաճախորդի գոհացութիւն եւ աճ: «Statista» որպէս սթարթափ նկատի առած է 2012-էն 2019 հիմնուած ընկերութիւններ՝ առնուազն 50 աշխատակիցով:

DISQO ճանչցուած է որպէս արագ զարգացող արհեստագիտական ընկերութիւն եւ հիանալի աշխատավայր՝ այժմ աւելի քան 400 անդամներով: «Service Titan»-ը (163-րդ) բջջային, ծրագրային ապահովման ամպայեն հարթակ է, որ կ'օգնէ տնային ծառայութեան ընկերութիւններուն՝ բարելաւելու յաճախորդներուն սպասարկումը եւ ընդլայնելու իրենց ձեռնարկութիւնը:

Ամբողջական լուրը՝ «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի մէջ՝

https://en.armradio.am/2022/03/23/picsart-disqo-servicetitan-three-armenian-companies-on-forbes-list-of-best-startup-employers/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *