Բացուած է գիւղատնտեսական անօդաչու սարքերու ուսումնական աշխատանոց

Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարանին մէջ բացուած է անօդաչու սարքերու ուսումնական աշխատանոց, որ պիտի ծառայէ համալսարանական ուսանողներու դասախօսներու հետազօտական, ինչպէս նաեւ ագարակապաններու եւ արհեստավարժներու արտադրական ու վարժողական նպատակներուն:

Աշխատանոցը ստեղծուած եւ կահաւորուած է ԵՄ-ի Կանաչ գիւղատնտեսութեան նախաձեռնութիւն (ԵՄ-ԿԳՆ) ծրագրին աջակցութեամբ եւ Աւստրիական զարգացման համագործակցութեան համաֆինանսաւորումով:

Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութիւնը յայտարարած է. «ԵՄ-ը ուրախ է, որ հայ ագարակապաններ եւ ագրարային համալսարանի ուսանողներ այժմ հնարաւորութիւն ունի սորվելու այս արհեստագիտութիւններով եւ զանոնք օգտագործելու կրթական ու արտադրական նպատակներով: Նորարարութիւնը գիւղական շրջաններու կայուն զարգացման բանալին է»:

Ամբողջական լուրը՝ Armradio.am.

https://en.armradio.am/2022/05/06/precision-agriculture-center-with-drone-training-lab-opens-at-agrarian-university-of-armenia/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *