Speech-to-Text (STT) եւ Text-to-Speech (TTS) գործիքներ՝ արեւմտահայերէնախօսներու համար

Արեւմտահայերէնի հիմնադարանը նոր նախաձեռնութիւն է, որուն նպատակն է զարգացնել Speech-to-Text (STT) եւ Text-to-Speech (TTS) գործիքները՝ արեւմտահայերէնախօսներու համար:

Նախաձեռնութիւնը արդէն իսկ նկատառելի յաջողութիւն ունեցած է՝ ստեղծելով արեւելահայերէնի անհրաժեշտ գործիքները, որոնք կ'ընդգրկեն խօսքի մեքենական ճանաչում եւ մեքանական թարգմանութիւն: Կայ նաեւ գրաբարը ընդգրկելու ցանկութիւն:

Աւելի քան 200 կամաւոր ներկայիս կը գործէ երկու հիմնական դաշտերուն մէջ՝ գործառութային (ՏԱ) ու ձայնագրային: Արեւմտահայերէնի հիմնադարանին մէջ առկայ են անուանի հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեանի գրութիւններէն, որպէսզի կամաւորներ զանոնք կարդան ու ձայնագրեն, որուն համար կը պահանջուի ընդամէնը 15-20 վայրկեան: Ուրիշներ կրնան նաեւ կարդալ գրութիւնները՝ ըստ իրենց նախընտրութեան:

ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Արցախէն ու Լիբանանէն կրթական հաստատութիւններ արդէն իսկ մաս կը կազմեն այս նախաձեռնութեան՝ ապահովելով ձայնային ու բարբառային բազմազանութիւնը՝ հարստացնելու ու ամրապնդելու մեքենական գործիքները:

Մասնակցիլ փափաքողները կրնան այցելել կայքէջը եւ մաս կազմել այս նորարար ծրագիրին:

https://aws.ican24.net/hywrec/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *