86 երկրներու հայ ժողովուրդը ընելիք ունի եւ ոչ թէ ըսելիք

Ստորեւ այն ազգային բազմազան հարցերը՝ Սփիւռքի ներուժին վերաբերող՝ արծարծուած պարոն Շահինեանի՝ «1intv.am»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ (անգլերէն և ռուսերէն ենթավերնագիրերով):

Եօթը միլիոնանոց ուժ մը կայ, իսկ այդ եօթը միլիոնը պարզունակ անձնաւորութիւններ չեն: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ հայերը ունին շատ կարեւոր դիրքեր, շատ կարեւոր: Աշխատանքային տեսանկիւնէն, տնտեսական տեսանկիւնէն, դիւանագիտական տեսանկիւնէն՝ հսկայական փորձառութիւն կայ, որ մինչ օրս չի գործածուիր: Այո՛, իրականութեան մէջ, մենք սփիւռք մը ունինք, որ սարսափելի ուժ մըն է: Տակաւին մեր մտքին ծայրէն անգամ չ’անցնիր, թէ ի՛նչ կրնայ ան ընել՝ ոչ ժխտական տեսանկիւնէն, այլ՝ դրական:

Ոչ միայն Զուիցերիոյ, այլ ողջ 86 երկիրներու մէջ ապրող հայ ժողովուրդը ունի իր ընելիքը, եւ ոչ ըսելիքը: Սա տեղի չ’ունենար այս պահուն, կամ ինչ որ տեղի կ’ունենայ, միայն սակաւութեամբ տեղի կ’ունենայ:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *