Հայաստանի մէջ գործարկուած է նեղաշերտ «Իրերու համացանց» ցանցը

Հայաստանի մէջ նեղաշերտ «Իրերու համացանց» ցանցը փորձաքննութենէ կ'անցնի: Հայկական Վիվա-ՄՏՍ-ի գործարկած այս նեղաշերտ ռատիոյաճախականութեան արհեստագիտութիւնը ստեղծուած է մասնաւորաբար բջիջային սարքերու «Իրերու համացանց»-ի համար:
Ժամանակակից աշխարհին մէջ «Իրերու համացանց»-ը մարդոց կենցաղին, հանրային ու գործարար կառավարման անբաժանելի մասն է։ «Իրերու համացանց»-ը ցանց է, որ կը միաւորէ համացանցի միջոցով իրարու միացուած սարքեր ու սարքաւորումներ, որոնք տեղեկութիւններ կը հաւաքագրեն ու կը փոխանակեն՝ ըստ յառաջադրուած խնդիրներու եւ յատուկ միջավայրերու։ Տուեալ սարքերը օժտուած են զգիչներով ու կը գործեն ծրագրային ապահովման հիման վրայ։ Ջերմաստիճանի զգիչները, խելացի կողպէքները, ծանրաչափերը, բժշկական զգիչները, անվտանգութեան խելացի համակարգերը, ջրաչափերը, ելեկտրականութեան հաշուիչները, տատանողական զգիչները, օդի որակի զգիչները. այս բոլոր սարքերն ու սարքաւորումները «IoT» էքօ-համակարգի մաս են։
««Իրերու համացանց»-ի համար նախատեսուած այս նորարարական «IOT» ցանցի ներդրումը հայաստանեան շուկային մէջ տնտեսվարողներուն համար գործունէութեան մեծ հեռանկարներ կը բանայ եւ էապէս կը խթանէ շարք մը ոլորտներու զարգացումը»,– ըսած է Վիվա-ՄՄՍ-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Ամբողջական լուրը կարելի է կարդալ «Panorama»-ի մէջ՝

https://panarmenian.net/m/eng/news/298707

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *