Հայաստանի արտաքին պարտքը կը նուազի, ըսած է Ելեւմուտի նախարարը

2023 թուականին Հայաստանի ընդհանուր պարտքէն արտաքին պարտքին կշիռը պիտի նուազի, խորհրդարանէն ներս 2023 թուականի պետական տարեհաշուոյն նախագծի քննարկման ընթացքին ըսած է Ելեւմուտի նախարար Տիգրան Խաչատրեանը։
Ան յայտարարեց, որ մինչեւ տարեվերջ կառավարութեան պարտքը պիտի կազմէ 4 թրիլիոն 645 միլիառ դրամ կամ Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 49.8 տոկոսը, իսկ եթէ տոլարին փոխարժէքը աւելի ցած ըլլայ, ապա այս ցուցանիշը աւելի փոքր պիտի ըլլայ։
Նախարարը ըսած է, որ 2023 թուականի պետական տարեհաշուոյն նախագծով առաջարկուած է պակասորդը սահմանել 289 միլիառ դրամ կամ Համախառն ներքին արդիւնքին 3.1 տոկոսը։ Յառաջիկայ տարիներուն՝ 7 տոկոս տնտեսական աճին պահպանումը թոյլ պիտի տայ տարեհաշուական պակասորդը սահմանել Համախառն ներքին արդիւնքին 2.5-3 տոկոսի սահմաններուն մէջ՝ մէկ կողմէ ծախսերուն բաւարար դրամամիջոցներ տրամադրելով, միւս կողմէ՝ նուազեցնելով պարտքին մակարդակը՝ Համախառն ներքին արդիւնքին դիմաց:
«Կառավարութեան պարտքը, դրամով, մինչեւ 2023 թուականին վերջը պիտի կազմէ 4 թրիլիոն 645 միլիառ դրամ կամ Համախառն ներքին արդիւնքին 49.8 տոկոսը։ Այս ցուցանիշի հաշուարկման հիմքն է ամերիկեան տոլարին դիմաց 436 դրամ փոխարժէքը։ Իսկ եթէ մենք ունենանք աւելի ցած փոխարժէք, ապա այս 49.8 տոկոսը աւելի ցած կ’ըլլայ։ 2023 թուականին արտաքին պարտքին կշիռը պիտի նուազի, եւ մինչեւ յաջորդ տարուան վերջը անիկա պիտի կազմէ ընդհանուր պարտքին 57.6 տոկոսը։ Այս տարեվերջին՝ արտաքին պարտքը կը կազմէ ընդհանուր պարտքին 60.2 տոկոսը»,- նշած է նախարարը։

https://armenpress.am/eng/news/1099029.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *