ԱՄՆ եւ ԵՄ արձագանգները Արցախի մարդասիրական ճգնաժամին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական միութեան խօսնակները եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւններ տարածեցին Արցախի մէջ ատրպէճանական վերջին սադրանքներուն վերաբերեալ։

Միացեալ Նահանգներու Պետական բաժանմունքի խօսնակ Նետ Փրայսի յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Մենք կոչ կ’ուղղենք Ատրպէճանի կառավարութեան՝ վերականգնելու միջանցքով ազատ երթեւեկութիւնը։ Յառաջխաղացման միակ ճանապարհը բանակցութիւններու սեղանն է»։

Եւրոպական միութեան Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով խօսնակ Փիթէր Ստանոյի յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Եւրոպական միութիւնը կոչ կ’ուղղէ Ատրպէճանի իշխանութիւններուն՝ ապահովելու երթեւեկութեան ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը միջանցքի երկայնքով՝ համաձայն 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան: Ազատ տեղաշարժի նմանօրինակ սահմանափակումները կը զգալի անյարմարութիւն կը պատճառեն տեղի բնակչութեան, եւ մարդասիրական ճգնաժամեր կը ստեղծեն: Այլ խնդիրները հարկաւոր է լուծուին ներգրաւուած կողմերուն հետ երկխօսութեան եւ խորհրդակցութիւններու միջոցաւ»:

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Ֆրանսան կոչ կ’ուղղէ՝ վերականգնելու Արցախի հաղորդակցութիւնը Բերձորի միջանցքով, առանց որեւէ նախապայմանի, պահպանելով տեղւոյն բնակիչներուն իրաւունքները։ Ատրպէճանը պարտաւոր է երաշխաւորել Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռնատարներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը»:

https://en.armradio.am/2022/12/14/azerbaijan-manufacturing-humanitarian-crisis-for-armenians-in-artsakh-us-lawmakers-say/
https://en.armradio.am/2022/12/14/closure-of-lachin-corridor-sets-back-the-peace-process-us-calls-on-azerbaijan-to-open-the-road/
https://en.armradio.am/2022/12/13/eu-calls-on-the-azerbaijani-authorities-to-ensure-freedom-and-security-of-movement-along-lachin-corridor/
https://news.am/eng/news/734981.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *