Ուքրանիոյ պատերազմ. հետեւանքներ Հայաստանի համար

"24 Փետրուար 2022-ին Ռուսիա ռազմական յատուկ գործողութիւն սկսաւ Ուքրանիոյ մէջ՝ ի խնդիր աշխարհակարգի փոփոխութեան: Յետ Պաղ պատերազմի կարգի հէնքը ԱՄՆ-ի բացարձակ գերիշխանութիւնն էր, որ կը տարածուէր Եւրոպայի երբեմնի խորհրդային հանրապետութիւններուն վրայ: Նախագահ Վլատիմիր Փութին կը հաւատայ, որ Մոսկուա պէտք է ըլլայ ձեւաւորուող բազմաբեւեռ աշխարհակարգի գլխաւոր յենասիւներէն մէկը:
Ո՞ւր կանգնած է Հայաստան այս ամբողջ թոհուբուհին մէջ: 2020-ի արցախեան պատերազմին հետեւանքով ռուսական ազդեցութիւնը զգալիօրէն աճեցաւ Հայաստանի վրայ: Ներկայիս Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան միակ երաշխաւորն է, ան միաժամանակ կը պաշտպանէ Հայաստանի կարգ մը շրջանները: Որպէս այդպիսին՝ Երեւան կը բախի ապահովական բազմաթիւ մարտահրաւէրներու: Ան պէտք է կանխէ հայերու արտագաղթը Լեռնային Ղարաբաղէն, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տնտեսական լայնածաւալ ներթափանցումը Հայաստան:
Հակառակ Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին մէջ ամրօրէն խարխսուած ըլլալուն՝ Հայաստան թէկուզ համեստ գործակցութիւն ծաւալեց Արեւմուտքի հետ: Հայաստանի ազգային շահերը կը պահանջեն Արեւմուտքի հետ գործակցութիւն՝ օժանդակութիւն եւ ֆինանսաւորում ստանալու համար: Հայաստան, անտարակոյս, տնտեսապէս պիտի տուժէ Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն պատճառով: Հայաստան չի կրնար ամբողջապէս կանխել ռուս-ուքրանական պատերազմի հետեւանքները: Այնուամենայնիւ, առանց նեղացնելու Ռուսիան, Երեւան պէտք է խուսափի Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական խզումէն:

Բենիամին Պօղոսեան, յատուկ «Mirror-Spectator»-ին`

https://mirrorspectator.com/2022/03/01/war-in-ukraine-implications-for-armenia/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *