Երեւանի մէջ կայացաւ «Silicon Mountains» միջազգային արհեստագիտական գագաթնաժողովը

2022 թուականի դեկտեմբեր 9-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Silicon Mountains» միջազգային արհեստագիտական գագաթնաժողովը, որ նուիրուած էր տնտեսութեան տարբեր ոլորտներէ ներս «խելացի թուային լուծումներ» կիրառելուն։
Միջազգային եւ տեղացի փորձագէտները, կառավարութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները բաժնեկցած են իրենց փորձը հետեւեալ ասպարէզներէն ներս. (ա) խելացի կառավարում, (բ) խելացի տնտեսութիւն, (գ) խելացի դրամատնային գործունէութիւն, եւ (դ) խելացի ենթակառուցուածք:
Տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչները բաժնեկցած են թուային գործիքներ կիրառելու իրենց լաւագոյն փորձը, իսկ միջազգային փորձագէտը ներկայացուցած է գործարարական ներդրումներու նիւթը։

https://en.armradio.am/2022/12/09/yerevan-hosts-silicon-mountains-international-tech-summit/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *