Արհեստագիտութիւնը, ընկերութեան բարեշրջումը եւ մենք

Մեր երիտասարդներուն հետ կապուելու նոր յարացոյց է անհրաժեշտ. նոր «ծրագրակազմ» մը՝ բացայայտելու, տեղաշարժելու եւ համակարգելու մեր համաշխարհային հայկական սփիւռքի ներուժը:
Ստորեւ ներկայացուցած ենք «DiasporArm» հարթակի հիմնադիր Յովէլ Շնորհօքեանի՝ «1in.am»-ին տուած հարցազրոյին հիմնական դրուագները:

Հայկական սփիւռքի բոլոր համայնքները կը բախին նոյնանման խնդիրներու, մասնաւորապէս՝ արեւմտեան սփիւռքի մէջ։ Այս մասին զրուցեց ֆրանսահայ հասարակական գործիչ Յովէլ Շնորհօքեանը «1in.am»-ի մեկնաբան Սագօ Արիանի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին։ Շնորհօքեանը կարեւորեց վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին հասարակութեան փոփոխութիւններուն յարմարելու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ՝ հայկական համայնքի նօսրացումը, արհեստագիտական փոփոխութիւնները եւ ընկերութեան կենսունակութեան շրջումը «շրջանակէն աղեղ, այնուհետեւ՝ գիծ»:

Շնորհօքեանի քննարկած հիմնական խնդիրը հայ երիտասարդներուն հասնելու խնդիրն էր։ Քանի որ Արեւմուտքի մէջ հայ համայնքի անդամները ցրուած են եւ իրարմէ հեռու կ'ապրին, անոնց հետ կապուիլը երթալով աւելի կը դժուարանայ: Ֆրանսահայ ուսանողներու միութիւնը, զոր օրինակ, ունի ընդամէնը 200 անդամ՝ Ֆրանսահայ շուրջ 20.000 համալսարանականներէն: Շնորհօքեանը ընդգծեց, որ երիտասարդներուն հասնելու համար անհրաժեշտ են ժամանակակից գործիքներու կիրառումը, ինչպիսին են Ֆէյսպուքը, Ինսթակրամը եւ Թիքթոքը։

Հարցազրոյցին ընթացքին քննարկուած մէկ այլ կարեւոր խնդիրներէն էր սփիւռքի հայ համայնքներուն համար միասնական հարթակի մը բացակայութիւնը։ Շնորհօքեանը համեմատութիւն մը ըրաւ Ֆրանսայի հրէական համայնքին հետ, որ ունի «Միացեալ հրէական ընկերային հիմնադրամ», որ ո՛չ քաղաքական է, ո՛չ կրօնական, այլ կեդրոնացած է ընկերային խնդիրներուն վրայ: Այս կազմակերպութիւնը ունի 60.000 անդամ, որոնք կը վճարեն անդամավճարներ, եւ որպէս արդիւնք կը գոյանայ 24 միլիոն եւրոյ տարեհաշիւ։ Ի հակադրութիւն, ֆրանսահայ համայնքին, որ որպէս համայնք՝ չունի տարեհաշիւ, եւ չկայ միասնական հարթակ մը, որ քաղաքական կամ կրօնական չըլլայ:

Շնորհօքեանը շեշտեց, որ միասնական հարթակի մը բացակայութեան հիմնական պատճառը առաջնորդութեան բացակայութիւնն է։ Ան պնդեց, որ հայկական սփիւռքը նման հարթակ մը ստեղծելու ներուժը ունի, սակայն համակարգումն է էականը։ Խօսքը հրեաներուն աւելի մարդասէր կամ հայերուն պակաս մարդասէր ըլլալուն մասին չէ, այլ պարզապէս առաջնորդութեան մասին է. առաջնորդութիւն մը, զոր կը ստեղծէ այդ հարթակը, որուն միջոցաւ հայկական համայնքները աւելի հզօր եւ համախմբուած կը դառնան:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *