Յովէլ Շնորհօքեանը Սիւիլնէթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ քննարկած է ազգային պատկանելիութեան զգացումը խթանելու եւ հայկական սփիւռքի համայնքները միմեանց եւ Հայաստանի հետ կապելու հարցը:
Պարոն Շնորհօքեանը, կը քննարկէ հայկական սփիւռքի երիտասարդ սերունդին հետ յարաբերելու անհրաժեշտութիւնը՝ կեդրոնանալով անոնց կարեւոր խնդիրներուն վրայ. ըլլա՛յ ընկերային, մարդասիրական, ազգային թէ բնապահպանական մտահոգութիւնները՝ զերծ մնալով, սակայն, պառակտող քաղաքական խօսոյթներէն: Ան կ’ընդգծէ արհեստագիտութեանց փոխակերպող դերը ժողովրդավարութիւնը աւելի մասնակցային դարձնելու գործին մէջ՝ ի համեմատութիւն 30 տարուան գործելակերպին, երբ ժողովուրդին անունով որոշումներ կայացնելու ներկայացուցիչներ կ’ընտրուէին:
Պարոն Շնորհօքեանը կը շեշտէ, որ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու միջեւ գործակցութիւնը կարեւոր է երկխօսութեան հարթակ մը ստեղծելու համար, ինչպէս նաեւ զուգահեռ նախաձեռնութիւններ համակարգելու եւ ընդհանուր օրակարգ մը ձեւաւորելու համար։ Ան կը կարեւորէ Ֆրանսայի ութ հայկական դպրոցներուն փորձը, որոնց շրջանակէն ներս կը բացակայի համագործակցութիւնը, ինչ որ կը դժուարացնէ միասնական ուսումնական ծրագիր մը ստեղծելու գործը։
Շատ կարեւոր է ազգային պատկանելիութեան զգացումը յառաջ մղելը եւ տարբեր երկրներու մէջ սփիւռքի համայնքներուն մէջ, ըլլա՛յ դասական թէ նոր, փորձել միմեանց եւ Հայաստանի միջեւ կապեր ստեղծել: Այս խնդիրները լուծելու համար՝ «DiasporArm»-ը համատեղութեամբ կազմակերպեց երկօրեայ հանդիպում-քննարկում մը, 2022 թուականի յունիսին, Փարիզի մէջ, համախմբելով անկախ անհատները, մտաւորականները, մանկավարժները, ձեռներէցներն ու երիտասարդները, որպէսզի քննարկէին սփիւռքի մարտահրաւէրներն ու կարիքները:
Եւ որպէս արդիւնք՝ կայացուեցաւ երեք որոշում. ա) հանդէս գալ որպէս կազմակերպութիւններու համակարգող, եւ ոչ պարզապէս մասնակից, բ) հրաւիրել տարբեր ոլորտներու փորձագէտներ՝ առաջարկելու ազգին կարիքներուն համապատասխան փոխակերպող յստակ նախագծեր, եւ գ) ծրագրել երկրորդ կլոր սեղանի կազմակերպումը Երեւանի մէջ՝ առաջնահերթութիւնը տալով նախագծերուն եւ ներգրաւելով շահագրգիռ կազմակերպութիւնները:
Պարոն Շնորհօքեանը կը կարեւորէ ներառականութիւնը՝ «միասին» բանալի բառը գործածելով, որովհետեւ, ըստ անոր, անիկա է յաջողութեան գրաւականը:
Յովէլ Շնորհօքեան
Ապրիլ, 2023
Լը Ռէնսի, Ֆրանսա