Search
Close this search box.

Հայաստանի աշխարհաքաղաքականութիւնը

2020-ի աղէտալի պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ հայութիւնը կորսնցնէ Լեռնային Ղարաբաղի անկլաւի մէկ մասը, ինչպէս նաեւ զայն շրջապատող սառցադաշտը: Եթէ կարելի եղած է խուսափիլ վատագոյնէն, ապա Ռուսաստանի վերաբերումը իր հայ դաշնակիցին ու հովանաւորեալին նկատմամբ չէ արդարացուցած սպասուած ակնկալիքները:
Բազմահազարամեայ ազգ, սակայն առանց պետական նորագոյն աւանդոյթի՝ Հայաստան պէտք է այսօր վերլուծէ նման աղէտի մը պատճառները, սորվի գոյատեւել թշնամական աշխարհաքաղաքական միջավայրի մէջ ու վերիմաստաւորէ յարաբերութիւնները մեծ ու ազդեցիկ Սփիւռքի հետ:

Ֆրասնական հետախուզական կեդրոնի հետազօտող Տիգրան Եկաւեան իր նոր գիրքին մէջ՝ «Géopolique de l’Arménie», կ'անդրադառնայ վերոնշեալ խնդիրներուն, ինչը նախատեսուած է ըլլալու ուսուցողական ու հեռանկարային:

Ստորեւ՝ Տիգրան Եկաւեանի հարցազրոյցը՝ ENDERI -ն (Entreprise Défense & Relations Internationales).

2020-ի Սեպտեմբերի աւարտին Թուրքիոյ ռազմական աջակցութեամբ Հարաւային Կովկասի բռնապետական վարչակարգը՝ Ազրպէյճան, սկսաւ բուռն յարձակում մը Լեռնային Ղարաբաղի ինքնահռչակ Հանրապետութեան վրայ: Այս պատերազմը պատճառ դարձաւ 6 000 զոհի, որոնց հիմնականը՝ հայեր, եւ աւարտեցաւ Արցախի պարտութեամբ, որ անուշադրութեան մատնած էր պաշտպանութիւնը ընդդէմ Ազրպէյճանի, որ շարունակ կը զօրացնէր բանակը զայն վերագրաւելու նպատակով:

Ի՞նչ կ'ուզէիր ցոյց տալ քու գիրքիդ մէջ:

2020-ի աշնան 44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնը բացայայտեց իրականութեան եւ ուժային յարաբերակցութիւններու հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային աշխարհաքաղաքական իրավիճակի միջեւ անհամապատասխանութեան տարողութիւնը: Հայութեան համար մարդկային, տարածքային ու բարոյական բազում հետեւանքներով լի նման ցնցում մը կը պահանջէր լուրջ քննութիւն մը: Այս «օրհասական» աշխարհաքաղաքականութիւնը ձեւով մը պատասխան է այս պարտութեան՝ առճակատուելով իրականութեան հետ, ինչը միջազգային յարաբերութիւններու հոսանք մըն է, որուն ես մօտ եմ:

Իմ նպատակս Հայաստանը ցոյց տալ էր որպէս երկիր, որ պատմական ու քաղաքակրթական խորունկ ծալքեր ունի, բայց պետական մշակոյթի բացակայութեան պարագային միաժամանակ կը կրէ ծանր պատասխանատուութիւն մը իր դժբախտութեան համար:

Ուրկէ՞ կու գայ թուրքերու եւ ազերիներու այս սեւեռումը Հայաստանի վրայ, որ ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէ իրենց համար:

Թուրքերը եւ ազերիները, միաւորուած լեզուով կամ նոյնիսկ ճակատագիրով, փոքրիկ, անդամահատուած ու արիւնազերծ Հայաստանը կը համարեն տեսակ մը անհամատեղելի: Իրենց համար վտանգը ոչ այնքան ֆիզիքական,– քանի ոչ մէկ պարագայի Հայաստան պաշտօնապէս կասկածի տակ դրած է Կարսի պայմանագիրով (1921) բռնակցուած սահմանները,– որքան հոգեբանական, մինչեւ իսկ գոյութենական: Այն իրողութիւնը, որ Հայաստան, թէկուզ փոքրիկ, դեռ գոյութիւն ունի ցեղասպանութենէն 107 տարի ետք, ձեւով մը ժամային ռումբ է Թուրքիոյ համար, որ ինքզինք որպէս ազգային պետութիւն կերտած է Անատոլիոյ քրիստոնեաներու դիակին վրայ:
Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, որուն կ'աջակցի Հայաստան, խիճ է Անգարայի կօշիկին մէջ:
Եթէ հայ, յոյն եւ ասորա-քաղդեացի պատմաբանները մեզի բազմիցս կը յիշեցնեն, որ իրենց քաղաքակրթական հալման կաթսան կը գտնուի Անատոլիա եւ Վերին Միջագետք, այդ կը սնուցէ ատելավառ ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը Թուրքիոյ, որ դեռ կը հետապնդուի Սեւրի համախտանիշով, այլ խօսքով՝ մասնատուելու վախով՝ Սեւրի պայմանագիրով (1920) երաշխաւորուած, որուն հայերը զգայնօրէն կապուած են, որովհետեւ ան կ'ուրուագծէր «ազատ ու վերամիաւորուած բաղձալի Հայաստան մը»:
Ինչ կը վերաբերի ազրպէյճանցիներուն, ռուս պատմաբան, խորհրդային իսլամութեան մասնագէտ Ալեքսանդր Փենիկսըն նշեց, որ ազերիներու թշնամանքը իրենց ազգայնականութեան հիմքն է, միւս կողմէ՝ ռուսերը երկրորդ տեղը կը զբաղեցնեն «ոչ-սիրելի օտարներու» շարքին: Այս թշնամանքը, թերեւս, համաչափ է այն անհանգստութեան, որ ազերիները կը զգան իրենց ինքնութիւնը ձեւաւորելու ատեն, որ պառակտուած է մի քանի հակամարտային համակարգերու միջեւ. իսլամ, բայց շիա, այբուբենի փոփոխութիւն՝ մէկ դարու մէջ երեք անգամ (արաբատառ-պարսկատառ, կիւրեղագիր, յետոյ՝ լատինատառ), թրքերէն, բայց կտրուած օսմանեան տարածութենէն եւ ռուս-խորհրդային աշխարհին համարկուած նորագոյն պատմութենէն:
Այս բոլորը կը հակադրուին հայ քաղաքակրթական ոգիին՝ խորապէս արմատաւորուած իր լեզուով, հաւատքով ու սկզբնական այբուբենով: Հաշուի առնելով, որ ազրպէյճանական ազգային գիտակցութիւնը կը շարունակէ շփոթած մնալ՝ ազրպէյճանական ամբողջ պատմութիւնը հիմնուած է հայատեացութեան վրայ, ատելութիւն մը, որ հետեւանք է երկու տարուան ընթացքին երկրի 15 տոկոս կորուստի հետեւանքով յառաջացած ընկճախտին (1992-1994):

Ինչո՞վ պատասխանատու է Հայաստանի ներկայ վերնախաւը Ազրպէյճանի դէմ կրած պարտութեան համար: Անոնք դասեր քաղա՞ծ են այդ պարտութենէն:

Անոնք քաղաքական շատ ծանր պատասխանատուութիւն կը կրեն՝ անկայուն սթաթուս-քուոյի լոյսին տակ հակամարտութիւնը «սառեցնելնուն» համար: Հայաստան կորսնցուց պահանջներ ներկայացնելու պատմական հնարաւորութիւնը, երբ Ազրպէյճան ծունկի եկած էր 1994-ի զինադադարէն ետք, եւ կարելի էր խաղաղութեան պայմանագիր կնքել: 1998-ին իշխանութիւնը ստանձնած վերնախաւը ստիպած էր Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը հրաժարական տալու, քանի որ ան կողմ էր ԵԱՀԿ-ի միջնորդութեամբ փոխադարձ զիջումներու վրայ հիմնուած լուծումին: Արցախահութեան անվտանգութեան համար անբաւարար երաշխիք:
Անցնող երեսուն տարիներուն ուժերու յարաբերակցութիւնը զգալիօրէն փոխուած է՝ յօգուտ Ազրպէյճանի: Ի յաւելումն ածխաջրածիններով հարուստ երկրի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տնտեսական տարբերութեան՝ կայ նաեւ ժողովրդագրական անհաւասարակշռութիւնը, որ բացասաբար կ'ազդէ Ղարաբաղի վրայ: 30 տարուան ընթացքին Հայաստանի ղեկավարութիւնը չէ վերաբնակեցուցած Արցախը, միւս կողմէ՝ Հայաստան բառացիօրէն դատարկուած է իր բնակչութենէն (անկախութենէն ի վեր 1,5 հոգի հեռացած է): Հաւաքական շահի, պետութիւն ու քաղաքացիութիւն հասկացութեանց նկատմամբ Հայաստանի ղեկավարներու ապշեցուցիչ արհամարհանքը, ինչպէս նաեւ երկրի կեանքին Սփիւռքի ոչ գործուն մասնակցութիւնը էապէս թուլցուցած են այս արիւնազերծ երկիրը, որ ինքն իրեն չի կրնար թոյլ տալ մասնատուելու շքեղութիւնը:

Ինչո՞ւ միջազգային հանրութիւնը այսքան կրաւորական գտնուած է Պաքուի սանձազերծած պատերազմին եւ անոր բացայայտ վիրաւորանքներուն ու խախտումներուն առջեւ: Ինչո՞ւ ան կը շարունակէ չարձագանգել՝ հակառակ Ազրպէյճանի յարադէպ սադրանքներուն եւ յարձակողականութեան:

Որովհետեւ միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը գերակայ դարձած է ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքէն: Կոսովոյի նախադէպը անցած է: Ամէնէն առաջ Հայաստան դիւանագիտականօրէն խիստ մեկուսացուած էր՝ ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, որ խելամտօրէն յառաջ կ'ընաթանար մի քանի բազմակողմ կառոյցներու մէջ (ՄԱԿ, ՆԱԹՕ, ԵԽ...): Արեւմուտքը այս պատերազմին տեսաւ Ռուսաստանը անոր սեփական բակին մէջ թուլցնելու հնարաւորութիւնը եւ այդ պատճառով ձեռնպահ մնաց հայերուն աջակցելէ:
Եւրոպական Միութիւնը կը կարծէր, որ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան վերականգնման ծրագիրները ֆինանսաւորելով՝ կրնայ աչք խփել ցեղապաշտ ու ծաւալապաշտ քաղաքականութեան Ազրպէյճանի, որ հայատեացութիւնը իր պետական հաւատոյ հանգանակը դարձուցած է: Ինչ կը վերաբերի հայկական տարածքի խախտումին, ապա Պրիւքսել եւ ՆԱԹՕ արդէն իսկ քիչ ուշադրութիւն կը դարձնեն թրքական ուժերու՝ Յունաստանի օդային ու ծովային տարածքի խախտումներուն, հետեւաբար ինչպէ՞ս իրենք կրնան ազդուիլ Հայաստանի վրայ իրենց հարեւանի յարձակումէն, մանաւանդ որ ան արեւմտեան հաւաքական անվտանգութեան որեւէ կազմակերպութեան մաս չի կազմեր:

Արդեօք Ֆրանսայի վերաբերումը համահո՞ւնչ է մեր երկրի դիւանագիտական աւանդոյթին եւ Հայաստանի հետ բարեկամական կապերուն ու Արեւելքի քրիստոնեաները պաշտպանելու իր աւանդական դերին: Ինչպէ՞ս կ'ընկալուի այդ տեղական մակարդակի վրայ:

Թուրք-ազերիներու կողմէ ճիհատիստ վարձկաններու առկայութեան եւ նախայարձակի իրադրութեան լոյսին տակ պետութեան ղեկավարի յստակ ու խիզակ յայտարարութիւնները հակակշռուեցան թրքամէտ անհասկնալի քաղաքականութեամբ Quai d'Orsay-ի, որ մարդասիրական ծառայութիւններ առաջարկեց երկու կողմերուն:
Հայերը չեն հասկնար, թէ ինչպէ՛ս Ֆրանսայի պէս հարազատ ու բարեկամ երկիր մը, որ առիթը բաց չի ձգեր այդ բարեկամութիւնը բարձրաձայնելու համար, չ'օգներ իրենց, երբ վտանգի առջեւ են: Մոռցուած է, որ բարեկամութիւնը, զգացումներն ու մշակոյթը կապ չունին միջազգային յարաբերութիւններու հետ: Ֆրանսա պարտաւոր է մտածելու իր շահերուն մասին, բայց ոչ իր սկզբունքներու հաշուոյն: Սակայն պէտք է ըսել, որ զանոնք ոտնահարած է Հայաստանի ու Ղարաբաղի մէջ՝ փոխարէնը չշահելով անոնց դիմաց:

Ձեր կարծիքով՝ վերջին հակամարտութիւնը եւ ներկայ իրավիճակը քաղաքակրթութեան, արեւելեան քրիստոնեաներու՝ իսլամը նուաճելու դէմ պատերազմի մա՞ս կը կազմեն:

Սա առնուազն այն ընթերցումն է, որ կ'առաջարկէ թեկնածու Էրիկ Զեմմուր: Ղարաբաղի հարցը կը մնայ, առաջին հերթին, առնչուած վտանգի առջեւ գտնուող բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին, որ չի կրնար անվտանգ ապրիլ ազրպէյճանական դրօշին ներքոյ: Քաղաքակրթական հարթութիւնը հակուած է աւելի կարեւոր դեր խաղալու՝ ի տես ազրպէյճանցիներու՝ հայկական մշակոյթի բազմահազարամեայ հետքերը ոչնչացումին: 1990-ականներու վերջին եւ 2000-ականներու սկիզբը Նախիջեւանի Ջուղայի միջնադարեան գերեզմանոցի աւերումը ազդանշան էր, որուն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, ըլլալով զգայուն խաւիարային դիւանագիտութեան նկատմամբ, չկրցաւ յառաջքը առնել:
Մինչ Ազրպէյճան իր տարածքին վրայ կը պայքարի քաղաքական իսլամի դէմ, ան չ'ամչնար չարաշահելու կրօնական լարը՝ հայութեան հանդէպ ատելութիւն սերմանելու համար:

Այլ դերակատարներ՝ Իրան, Իսրայէլ, Հնդկաստան, Փաքիստան, քիչ թէ շատ անմիջականօրէն ներգրաւուած եղած են հակամարտութեան կամ անոր լուծման գործընթացին մէջ: Ինչպէ՞ս կը վերլուծէք անոնց խաղը:

Փաքիստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմական ու ռազմավարական դաշինքը շատ աւելի արդիւնաւէտ ու իրական է, քան հայ-հնդկական գործընկերութիւնը, թէեւ վերջինս երթալով կ'ուժեղանայ: Փաքիստան նոյնիսկ չի ճանչնար Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը՝ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով:
Իսրայէլ, իր հերթին, խաղադրոյք կատարած է Ազրպէյճանի վրայ՝ իրապաշտ պատճառներով. աշխարհառազմավարական զուգամերձութիւններ, անօդաչու սարքերու եւ նոր սերունդի ռազմասարքերու վաճառքին դիմաց նաւթի մատակարարում, Իրանի դէմ լրտեսութիւն, մշակութային դիւանագիտութիւն հրէական մեծ համայնքի առկայութեամբ Պաքուի ու հիւսիսի մէջ: Սա կ'ուժեղացնէ այս գործընկերութիւնը, որ կը շարունակէ ամրապնդուիլ:

Ինչո՞ւ Երեւան չճանչցաւ Արցախը: Ա՞յս է պատճառը, որ Հայաստան ռազմական միջամտութիւն չըրաւ՝ ի պաշտպանութիւն ղարաբաղցիներուն:

Երեւանի կողմէ Արցախի ճանաչումը միջազգային ազդեցութիւն չ'ունենար, ան կը խաթարէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի մեկնարկած գործընթացը: Երեան մինչեւ այսօր բաւարարուած է Արցախը տէ ֆաքթօ, եթէ ոչ տէ իւրէ ճանչնալով:
Հայկական բանակը իր ուժերը չներգրաւեց թուրք-ազերիներու դէմ եւ 44-օրեայ պատերազմի ամբողջ ընթացքին մնաց զօրանոցներու մէջ (Հայաստան): Ռուս պաշտպանական վերլուծաբան Ռուսլան Պուխովի կարծիքով՝ պարտութեան հիմնական պատճառը «Երեւանի՝ պատերազմ չմտնելու որոշումն էր»: Հայկական ուժերը Ղարաբաղի պաշտպանական գիծի ամբողջ երկայնքով (բացի հարաւէն) եւ Հայաստան հակայարձակողական քայլերու չձեռնարկեցին ազրպէյճանական բանակը հիմնական ուղղութենէն (հարաւ) շեղելու համար:
Համակարգուած լայնածաւալ փորձեր եղան խարխլելու հայկական բանակի մարտական պատրաստուածութիւնը յընթացս պատերազմին եւ անկէ առաջ: Անոր ամենավառ օրինակը 2020 թուականի Մայիսին (պատերազմի մեկնարկէն չորս ամիս առաջ) Ռուսաստանէն չորս ՍՈՒ-30Մ կործանիչներու գնումն էր, որոնք առաքուած են առանց հրթիռի եւ երբեք օդ չեն բարձրացած պատերազմի ժամանակ: 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ աւերիչ պատերազմէն կարճ ժամանակ ետք Հայաստանի կառավարութիւնը մերժեց անօդաչու սարքեր գնելու եւ անօդաչու սարքերու եւ յարակից զինամթերքներու արտադրութեան գործարան հիմնելու Իսրայէլի առաջարկը:
Նահանջող հայկական ուժերը պատերազմի ժամանակ զինամթերքի ոչ մէկ պահեստ, ճամբայ կամ կամուրջ աւերած են: Որպէս ռազմական անկարողութիւն թուացող հետեւանք՝ ներխուժումէն ետք ժամերու ընթացքին ոչնչացուած է Արցախի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մօտ երկու երրորդը (ներառեալ՝ շարժական կայանները): Աւելի ամօթալի է, որ ռուսական արտադրութեան Ս-300 «երկիր-օդ» հրթիռային համակարգ ոչնչացուած է նոյնինքն Հայաստանի մէջ պատերազմի չորրորդ օրը (միւսը ոչնչացուած է Հոկտեմբերի կէսերուն): 2016 թուականին ռուս-հայկական համատեղ հրամանատարութեան ներքոյ մնացած արցախա-հայկական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը թոյլ տուած է ազրպէյճանական ռազմական ինքնաթիռներուն եւ անօդաչուներուն՝ վերահսելու Լեռնային Ղարաբաղի օդային տարածքը եւ նոյնիսկ յարձակումներ իրակականացնել Հայաստանի վրայ:
Մէկ բան հաստատ է, որ պատերազմի ժամանակ հայկական բանակի չմիջամտելը (բացի Ղարաբաղի զինուորական ծառայութիւն անցնող ժամկէտային զինծառայողներէն) եւ «Իսկանտեր» հրթիռներ չտեղակայելը կը մնայ այս հակամարտութեան լաւագոյնս քօղարկուած առեղծուածներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Շուշիի անկման հանգամանքները: Միւսը հայկական վերնախաւի խաղն է, որոնք ակնյայտօրէն ստած են բնակչութեան՝ պատերազմի մօտալուտ պարտութեան մասին:

Ի՞նչ խաղ կը խաղայ Ռուսաստան, որ վերջապէս միջամտեց Հայաստանի միայն պարտութենէն ետք: Ինչո՞ւ ՀԱՊԿ անդամ երկիրները հրաժարեցան Հայաստանին աջակցելէ՝ հակառակ անոր կոչերուն:

Դժուար է իմանալ, թէ որքանո՛վ Ռուսաստան տեղեակ է այս պատերազմի նախապատրաստութեան, բայց գիտէր, որ անխուսափելի էր այդ:
2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի զինադադարը նման է Լաւրովի ծրագիրի իրականացումին (միայն աւելի վատ), քանի որ ան չի ներառեր ռազմավարական նշանակութեան Շուշի քաղաքի եւ նախկին Ղարաբաղի ինքնավար մարզի այլ տարածքներու յանձնումը: Ռուսերը միջամտեցին՝ փրկելու հայկական Ղարաբաղը, որպէսզի կարենան ճնշում գործադրել Ազրպէյճանի վրայ: Ահա թէ ինչու Ղարաբաղը դարձեալ ռուսական խնամակալութեան տակ է, առնուազն այնքան ատեն որ ռուս խաղաղապահներ տեղակայուած են այդտեղ: Կը մնայ պարզել, թէ ո՛րն է կարմիր գիծը Մոսկուայի համար, որ պէտք է զբաղի Թուրքիոյ մուտքով այն տարածաշրջանը, որ կը համարէ անկայուն:
ՀԱՊԿ-ը ամէնէն առաջ քաղաքական կազմակերպութիւն է եւ կ'ենթարկուի Մոսկուային, նոյնիսկ եթէ անոր անդամներէն շատերը չթաքցնեն իրենց պաքուամէտութիւնը, ինչպէս կ'ընեն Պելառուսը եւ Ղազախստանը: Զարմանալի է տեսնել, որ թէեւ ՀԱՊԿ-ը յառաջ չշարժեցաւ միջամտելու՝ յօգուտ հայկական կողմին, սակայն վերջերս էր, երբ ան օգնութեան հասաւ Ղազախստան՝ այնտեղ «կարգաւորումներ» ընելու համար:

Հարցազրուցավար՝ Էրիկ Տնեսի

ԻՆԱԼՔՕ-ի շրջանաւարտ՝ Տիգրան Եկաւեան հետազօտող է Centre Français de Recherche sur le Renseignement-ի մէջ: Աշխարհաքաղաքական հանդէսի՝ «Conflits»-ի խմբագրական կազմի անդամ է: Կ'աշխատակցի զանազան թերթերու եւ հանդէսներու: Տիգրան Եկաւեան հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը.

– Armenia in the Shadow of the Sacred Mountain (Nevicata, 2015),
– Minorities of the East, the forgotten of History (Le Rocher, 2019)

Յունուար, 2022
Ֆրանսա

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *