«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարեց 2022 թուականի «Աւրորա»-ի հերոսներուն անունները

Երէկ Երեւանի Մատենադարանին մէջ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարեց 2022 թուականի «Աւրորա»-ի հերոսներուն անունները, որոնք ընտրուած են իրենց ունեցած ազդեցութեան, քաջութեան ու նուիրուածութեան համար: Անոնք իրենց կեանքը վտանգի տակ դրած են օգնելու համար ուրիշներուն:

1.000.000 տոլար մրցանակը կը շնորհուի Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն անունով՝ ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն, արձագանգելով մարդասիրական խնդիրներուն ամբողջ աշխարհին մէջ: Անոնցմէ մէկը պիտի դառնայ «Աւրորա 2022»-ի դափնեկիր:

«Աւրորա 2022»-ի հերոսներն են՝

Ժամիլա Աֆղանի (Աֆղանիստան)՝ խաղաղութեան աքթիւիստ եւ «Նուռ» կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութեան (NECDO) հիմնադիր, որ կ'աշխատի կրթութիւնը հասանելի դարձնել կանանց:
Հատի Ժուման (Եմէն)՝ խաղաղութեան աքթիւիստ եւ միջնորդ-բանակցող Եմէնէն: Ան կ'աշխատի կազմակերպելու ռազմագերիներու փոխանակումը եւ առաջնագիծէն դուրս բերելու այնտեղ մնացած զոհուածներուն մարմինները:
Մահինուր էլ-Մասրի (Եգիպտոս)՝ եգիպտացի փաստաբան եւ քաղաքական աքթիւիստ, որ կը պայքարի երկրի քաղաքական ազատութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներուն համար՝ կազմակերպելով բողոքի խաղաղ ցոյցեր:

Ամբողջական լուրը՝ armradio.am.

https://bit.ly/3y93bNM

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *