Կոչ հայրենիքէն. «Դէպի Հայք»

«Դէպի Հայք»-ը հիմնուած է 2003-ին Էտելէ Յովնանեանի կողմէ այն համոզումով, որ իւրաքանչիւր հայու իրաւունքն է ոչ միայն տեսնել Հայաստանը, այլ նաեւ վայելել իր հայրենիքը՝ այնտեղ ունենալով հարուստ ու կենսափոխ փորձառութիւն մը:

Ծրագիրը նիւթապէս կ'աջակցի 21-32 տարեկան սփիւռքահայերու՝ անոնց հնարաւորութիւն տալով միանալու իրենց նախնիներուն հայրենիքին: Մասնակիցները շաբաթական 30 ժամ կամաւոր աշխատանք կը տանին, անոնց հնարաւորութիւն տրուած է ապրելու հիւրընկալ ընտանիքի մը հետ, բարելաւելու իրենց հայերէնի իմացութիւնը, շփուելու ուրիշ մասնակիցներու հետ, զբօսապտոյտ ունենալու ամէն շաբաթավերջին, ինչպէս նաեւ իրենց գիտելիքները հարստացնելու երկրին ու մշակոյթին մասին՝ զանազան համաժողովներու եւ հաւաքոյթներու միջոցով:

Հաւատացէք, թէ ոչ, Հայաստանի իւրաքանչիւր ոլորտի համար կամաւորներու հրատապ կարիքը կայ՝ սկսած արուեստէն մինչեւ գիտութիւն, ճարտարապետութենէն մինչեւ ընկերային աշխատանք եւ հոգեբանութիւն: Ապրելով Սփիւռքի մէջ՝ շատեր չեն պատկերացներ, թէ Հայաստան իրենց ֆիզիքական ներկայութիւնը եւ առօրեայ ներգրաւուածութիւնը ինչ մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ: Մեզի շարունակ ուղղուած հարցումներէն մէկն է՝ «բայց ես աշակերտ եմ, կրնա՞մ օգտակար ըլլալ»: Մեր պատասխանը միշտ նոյնն է՝ «ամէն մարդ կրնայ օգտակար ըլլալ»:

«Դէպի Հայք»-ի շնորհիւ երիտասարդ սփիւռքահայերը կը հանդիպին Հայաստանի մէջ եւ կը շփուին իրարու հետ: Ոմանք բնակութիւն կը հաստատեն, բայց շատեր կը վերադառնան՝ իրենց ստացածը փոխանցելու իրենց համայնքներուն մէջ:
Մեր նպատակն է հաղորդակցիլ, բազմանալ, զերօ մը աւելցնել կամաւորներու եւ աջակիցներու թիւին:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *