Աշնանային արհեստագիտական ուղեւորութիւններ Հայաստանի մէջ. տեղական արհեստագիտական միջոցառումներու ուղեցոյց (մաս 1)

Եթէ կը նախատեսէք Հայաստան այցելել այս աշնան, եւ եթէ հետաքրքրուած էք հանդիպելու տեղական արհեստագիտական համայնքին, ապա հաշուի առէք հետեւեալ միջոցառումները եւ համապատասխանաբար ծրագրեցէք ձեր ուղեւորութիւնը.
Սեպտեմբեր 8-9. «Տուեալներու երեւանեան փառատօն 2023». տուեալագիտութեան եւ մեքենայական ուսուցման ամէնամեայ միջազգային համաժողով: Մեքենայական ուսուցման ասպարէզէն ներս բոլոր աշխատողները հրաւիրուած են այս միջոցառման: Տեղի պիտի ունենան երեսունէ աւելի արհեստագիտական զեկուցումներ եւ ոչ մէկ բարձրամակարդակ կամ շարժառիթային զեկուցում:
Սեպտեմբեր 16-17. Կարէն Վարդանեան կրթական հիմնադրամի «Հաւք» մրցոյթ՝ Լոռուայ մարզի Լեռնապատ գիւղին մէջ: Ասիկա թռօններու ամէնամեայ մրցոյթ մըն է՝ դպրոցականներու եւ ուսանողներու միջեւ։
Սեպտեմբեր 23. «Արհեստական բանականութիւն եւ կրթութիւն». ուսուցման շրջածիրի ընդլայնում՝ Թումոյի կողմէ: Միօրեայ սիմփոզիում՝ այն մարտահրաւէրներու եւ հնարաւորութիւններու մասին, որոնք արհեստական բանականութիւնը կը բերէ կրթութեան ոլորտ:
Սեպտեմբերի 29 - հոկտեմբեր 1. «Արհեստագիտական վանաձորեան շաբաթ 2023». ամէնամեայ միջոցառում, որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ։ Նպատակն է խթանել տեղւոյն երիտասարդները՝ ներգրաւուելու արհեստագիտութեան մէջ եւ օգնել տեղական արհեստագիտական խումբերուն զարգանալու: Ծրագիրը սկիզբ առած է 2021 թուականին՝ Ստեփանակերտի մէջ, իսկ 2022 թուականին՝ տեղի ունեցած է Գիւմրի մէջ։ Այժմ հերթը Վանաձորինն է։

https://www.facebook.com/1439861306/posts/pfbid02iMnBwqfHxVCdspT2nycnQMk9ydkjurB1ynqn4a8ahNFefjzAe82wwcwjGDAsNn2ul/?mibextid=cr9u03

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *