1991 թուականի Արցախի անկախութեան հանրաքուէն

1991 թուականի դեկտեմբեր 10-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ Անկախութեան հանրաքուէն, որուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը։
Ընտրողներուն ցուցակը կ’ընդգրկէր քուէարկելու իրաւունք ունեցող 132.328 քաղաքացի։ Բոլոր ընտրողներուն 82 տոկոսը մասնակցած էր, իսկ 99 տոկոսը կողմ քուէարկած էր անկախութեան։
Հանրաքուէն տեղի ունեցած էր «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ հանրաքուէ իրականացնելու մասին ժամանակաւոր կանոնակարգին» համաձայն, որ ուժի մէջ մտած էր 1991 թուականի նոյեմբեր 27-ին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդի նիստին ընթացքին։
Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը սահմանած էր անհրաժեշտ ողջ պայմանները՝ հանրապետութեան մէջ հանրաքուէ իրականացնելու համար, ներառեալ՝ ատրպէճանաբնակ բնակավայրերէն ներս։
Օտարերկրեայ մի քանի լրատուական միջոցներ նոյնիսկ անդրադարձած էին քուէարկութեան ընթացքին։ Դժբախտաբար, հանրաքուէին օրը Ստեփանակերտը եւ հայկական այլ քաղաքներ կրակոցներու տակ յայտնուեցան, որուն հետեւանքով 10 խաղաղ բնակիչ զոհուեցաւ, եւ 11-ը՝ վիրաւորուեցաւ:

https://www.instagram.com/p/Cl_kcNqqcO_/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *