Ղեկավարութեան եւ օրինականութեան վերահաստատում հայկական Սփիւռքի մէջ

Ի՞նչ կը նշանակէ ղեկավարութիւն, ի՞նչ կը ներկայացնէ ան, եւ ինչպէ՞ս սահմանուած է որպէս այդպիսին: Ղեկավարութիւնն ու օրինականութիւնը, մեծ մասամբ, պատմականօրէն կը պատկանէին քաղաքական կուսակցութեանց եւ անոնց առնչուող կազմակերպութիւններուն: 1990-ականներէն սկսեալ ձեռնարկատէրեր ի յայտ եկան որպէս նոր առաջնորդներ, որոնք փոխանակ «վճարագիր» ներկայացնելու՝ անոնք, նիւթականէն անդին անցնելով, սկսան աջակցիլ իրենց հմտութիւններով եւ կառոյցներով: Անոնք իրենց գործը հաստատեցին մայր հայրենիք, օժանդակեցին քաղաքացիական հասարակական խումբերու՝ խթանելով կրթութիւնն ու ստեղծագործ միտքը, ներդրում կատարելով անոնց համար, որոնք կ'ուզեն ինքնաբարելաւուիլ ու բարեփոխել իրենց կենսապայմանները Հայաստանի մէջ: Որոշ վերնախաւական ձեռնարկատէրեր դուրս մղեցին անոնք, որոնք չունէին նիւթական միջոցներ, ներառեալ՝ մտաւորականները, որոնք կոչուած են ձեւաւորելու հասարակութեան մտածողութիւնը եւ նշանակալից դեր խաղալու ազգի կերտման գործին մէջ: Եւ արդիւնքը՝ հետզհետէ «վճարէ՛՝ խաղալու համար» միջավայր է, ինչը խոտոր կը համեմատի մեր համայնքներուն վարքուբարքին ու գործելակերպին:

Ձեւաւորումը՝ «Proper» ընկերութեան, յատուկ «Armenian Weekly»-ին համար

ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ, ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ, ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Յօդուածը առաջին անգամ տեղ գտած է «The Armenian Weekly»-ի 3 Հոկտեմբեր 2018-ի թիւին մէջ:

Վերջերս Նիւ Եորքի մէջ պատիւը ունեցայ ներկայ գտնուելու Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նուիրուած ընդունելութեան հաւաքոյթին՝ կազմակերպուած ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանատան կողմէ: Իսկապէս բազմերանգ հաւաքոյթ էր, ուր քով-քովի եկած էին ինչպէս հին, այնպէս ալ նոր դէմքեր: Ներկաները զանազան հարցումներ կ'ուղղէին՝ սկսած խորաթափանցէն մինչեւ անհեթեթը: Թէեւ վարչապետ Փաշինեանի պատասխանները նոր չէին, սակայն անոր խօսքը թարմացուցիչ էր համայնքի մը համար, որ շատ հազուադէպ առիթ կ'ունենայ լսելու այն քաղաքական գործիչները, որոնք չունին ցուցադրութեան միտում, կեղծիք, եւ անոնք մշտական յարգանք կը տածեն հանդէպ իրենց ծառայած ժողովուրդին:

Այստեղ իմ նպատակս այս ձեռնարկը քննարկել-վերլուծել չէայլ ընդամէնը վեր հանել անոր մէկ երեսակը: Ձեռնարկը բնութագրուեցաւ որպէս «հանդիպում ամերիկահայ համայնքի առաջնորդներուն հետ»: Ինծի համար յստակ չէր, թէ ո՛վ է այդ ղեկավարութիւնը, ի՛նչ կը ներկայացնէ ան, եւ ինչպէ՛ս հասած ենք այսպիսի սահմանումներու: Արդեօք ներկայ ժամանակներուն ո՞վ կը բնորոշէ այսինչը կամ այնինչը՝ որպէս համայնքի առաջնորդ. խնդրայարոյց հարց թերեւս, բայց հաշուի առնելու չափ կարեւոր:

Ձեռնարկը բնութագրուեցաւ որպէս «հանդիպում ամերիկահայ համայնքի առաջնորդներուն հետ»: Ինծի համար յստակ չէր, թէ ո՛վ է այդ ղեկավարութիւնը, ի՛նչ կը ներկայացնէ ան, եւ ինչպէ՛ս հասած ենք այսպիսի սահմանումներու:

Սկսայ լրջօրէն մտածել այս խնդիրներուն մասին, եւ եկայ այն համոզման, որ ժամանակն է մտածելու, թէ ի՛նչ կը հասկնանք «համայնքի ղեկավարութիւն» ըսելով, եւ թէ ինչպէ՛ս նման հասկացութիւններ փոփոխութիւն կը կրեն ժամանակի ընթացքին: Խորանալով յիշեալ հարցերուն մէջ՝ յոյս ունիմ առիթ ստեղծել մտորումի, որ մեզ պիտի առաջնորդէ յառաջ երթալու:

Կար ժամանակ մը,– տասնամեակներ առաջ երբ մեր համայնքը կարելի էր նկարագրել շատ ստոյգ եզրերով: Մարդոց ճնշող մեծամասնութեան արմատները կու գան բուն երկրէն`Արեւմտեան Հայաստանէն, եւ Հայոց ցեղասպանութենէն: Ղեկավարութիւնն ու օրինականութիւնը մեծ մասամբ քաղաքական կուսակցութիւններուն (յատկապէս Դաշնակցութեան եւ Ռամկավարներուն), անոնց կապուած կազմակերպութիւններուն (ՀՕՄ եւ ՀԲԸՄ՝ բարեգործական ոլորտին մէջ, «Պայքար» եւ «Հայրենիք»՝ մամլոյ ոլորտին մէջ) եւ եկեղեցական ներկայացուցչական մարմիններուն ձեռքն էին:

Յիշեալ կազմակերպութեանց յառաջատարութիւնն ու գերակայութիւնը կու գան հինաւուրց երկրին մէջ անոնց ունեցած յաջողութիւններէն: Անոնք յաջորդող սերունդներուն համար լիովին ինքնանորոգուած էին՝ աշխատելով հայը հա՛յ պահել՝ հիմնականօրէն լեզուի, մշակոյթի եւ պատմութեան միջոցով: Այս խումբերը միաժամանակ կը թելադրէին որդեգրել գաղափարական այնպիսի դիրքորոշումներ, որոնք անպատճառ պիտի օգնէին առաջնորդելու ժողովուրդը աքսորի, բռնազաւթումի, պաղ պատերազմի եւ այլնի տարիներուն: Անկախ Դաշնակցականներէն եւ ազատ, ինքնիշխան ու միացեալ Հայաստանի անոնց յամառ երազէն, Ռամկավարներէն եւ Խորհրդային Հայաստանի ու սթաթուս քուոյիանոնց գործնական պատսպարումէն կամ Հայոց ցեղասպանութեան համաշխարհային դատապարտումէն՝ յառաջատար կազմակերպութիւնները կառուցեցին կայուն եւ երկկողմ խաղադաշտ մը: Թէեւ այս խաղադաշտին տարողութիւնը միշտ բարեկամական կամ գործակցային չէր, համակարգը,– ինչպէս ինքնին պաղ պատերազմը,– ապացուցեց, որ ան դիմացկուն ու կայուն է, որ տեւեց մինչեւ 1960-ականները եւ շարունակուեցաւ անկէ ետք ալ: Սակայն 1960-ականներու եւ 1970-ականներու սկիզբը այս կայուն կարգավիճակը սկսաւ փոխուիլ: Զանազան պատճառներ կային՝ սկսած համաշխարհայինէն մինչեւ տեղականը, բայց ինչ-որ բան ակներեւ էր. ամերիկահայ նոր սերունդը սկսած էր մտածել եւ գործել նոր ձեւով:

Միաժամանակ նոր հայութեան հոսքը՝ Մերձաւոր Արեւելքէն եւ այլուստեք, թէ՛ մարտահրաւէրի առջեւ դրաւ եւ թէ՛ վերաշխուժացուց մեր համայնքին առկայ կազմերը: Ի վերջոյ խաղադաշտը ընդլայնուեցաւ: Հետզհետէ սկսան ի յայտ գալ անկուսակցական, բազմակողմանի կամ աւանդական կառոյցներու չառնչուող խումբեր: Անկախ անկէ, թէ անոնց նպատակը կրթական, մշակութային, մասնագիտական, քարոզչակեդրոն թէ պարզապէս ընկերային էր, նմանօրինակ խումբեր աստիճանաբար վերասահմանեցին համայնքային ներգրաւուածութեան պայմանները այնպիսի նպատակներով ու եղանակներով, որոնք յաճախ պարահայեաց մօտեցում կը յուշէին, քան գաղափարական, աւելի ընկալայէն, քան զուտ հայրենասիրական, «ոչ այս, ոչ այդ կողմը» եւ այլն:[1] Բոլորակը, որ դեռ առկայ էր, քիչ առ քիչ կը կատարելագործուէր, աւելի բազմազան կը դառնար, ապակեդրոնացուած ու մարտահրաւէրներու դէմ-յանդիման:[2]

Յետոյ եկաւ 1988 թուականը, եւ ջրհեղեղի դարպասները իրապէս բացուեցան, ինչպէս Հայաստան ի՛նք ըրաւ. սկիզբը ծայր առաւ Արցախեան շարժումը, որուն յաջորդեց երկրաշարժը, որմէ մի քանի տարի ետք ականատես եղանք ԽՍՀՄ-ի ամբողջական փլուզումին եւ նորաստեղծ ու անկախ պետութեան ձեւաւորումին: Մինչ այս զարգացումները կլանեցին Հայաստանը, մեր ժողովուրդը, ի սփիւռս աշխարհի, չէր կրնար ուրիշ բան ընել՝ անոնց մասնակցելէ բացի: Ոմանք հեռուէն ուշի-ուշով կը հետեւէին բոլոր անցուդարձներուն, իսկ ուրիշ շատ-շատեր ուղղակիօրէն կը մասնակցէին օժանդակութեան եւ համերաշխութեան ուղղուած ջանքերուն, եւ նախաձեռնողական տրամադրութիւնները տակաւ առ տակաւ կը բարձրանային: Այսպիսով ժողովուրդը անմիջական մասնակցութիւն կը բերէր այդ թէժ զարգացումներուն: Նման գործողութիւններ, որոշապէս բխած հայրենասիրական զգացումներէ, հաւասարապէս մեկնարկած էին իրատեսական նկատառումներով՝ տրուած ըլլալով, որ նոր Հայաստանը ներկայացուցած էր հրատապ ու անյետաձգելի կարիքները:

Տուեալ միջավայրին մէջ Սփիւռքի ուշադրութիւնը տարածուեցաւ, քանի որ հայաստանակեդրոն օրակարգ մը յառաջ եկաւ, որ առժամաբար մէկդի դրաւ նոյնիսկ Սփիւռքի համայնքները հզօր եւ կենսունակ պահելու հրամայականը: Երբ հայրենիքն ու Սփիւռքը դարձան նորամուտ ամբողջութեան մէջ ներթափանցող մասեր, մենք տեսանք այնպիսիք, որոնց հիմնական ուշադրութիւնը այլեւս այստեղ չէր՝ «ամրոց պահելը», այլ այնտեղ՝ Հայաստան: (Յիրաւի, «այստեղ»-ի եւ «այնտեղ»-ի միջեւ տարբերութիւնը սկսաւ քիչ-քիչ խամրիլ) Մերթ այնպէս կը թուէր, թէ այս բազմազանեցումը պիտի վտիտացնէր մեր համայնքներուն պաշարները: Սակայն, միւս կողմէ, Հայաստանի վրայ նորոգ ուշադրութիւնը բնական կը թուէր, վասնզի կը փափայէինք մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը՝ երդուելով երկա՜ր ծառայել անոնց:

Այս իրադրութեան կիզակէտին ինչ-որ նշանակալից բան տեղի ունեցաւ. 1990-ականներուն,– եւ 2000-ականներուն՝ աւելի,– նկատուեցաւ շտապ օժանդակութեան դադրեցում եւ, անոր փոխարէն, կեդրոնացում Հայաստանի երկարաժամկէտ զարգացման վրայ:[3] Ասոր պատճառները բազմաթիւ են, որոնք, սակայն, իմ քննարկումիս կորիզը չեն այստեղ: Իրողութիւնը այն է, որ մեր համայնքային խումբերուն կից կար կարգ մը անհատներու փոքր ենթախումբ մը,– բաղկացած մեծ մասամբ հարուստներէ,– այլեւս չէր բաւարարուեր վճարագիր ներկայացնելով: Փոխարէնը անոնք այլ ուղղութիւններով ընթացան՝ հիմնելով իրենց համակարգը՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Օրինակ՝ իմ գործատուս՝ Ճեյմզ Թիւֆենքեանը, նկատեց, որ ան ոչ միայն դրամական կարողութիւն, այլ նաեւ ցոյց տալու հմտութիւններ ունի: Ուստի ան իր սեփական հիմնադրամը հիմնեց Հայաստանի մէջ: Այնուհետեւ ան աշխատակազմ ձեւաւորեց, զայն վերապատրաստեց, ծրագիրներ իրագործեց եւ կազմակերպութեան համար իւրացուց միջազգային յաջողագոյն փորձերը: Կրնամ ուրիշ օրինակներ ալ բերել. ա՛րդ, Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը այլեւս անմիջական օժանդակութիւն տրամադրելու շուրջ չի դառնար: Անվճար խոհանոցներու եւ որբանոցներու փոխարէն այսօրուան ձեռնարկատէրերը հակուած են օժանդակելու քաղաքացիական հասարակութեան խումբերու՝ խթանելով կրթութիւնն ու ստեղծագործ միտքը եւ ներդրումներ կատարելով անոնց համար, որոնք կը ձգտին ինքնաբարելաւուելու եւ իրենց կենսապայմանները բարեփոխելու Հայաստանի մէջ:

Եկէ՛ք, հիմա մեր հայեացքը դարձնենք ներկային. անցեալ Կիրակի օրուան ձեռնարկներուն նմանօրինակները կը բնութագրուին որպէս «համայնքի ղեկավարութեան հաւաքոյթներ»: Սակայն այդ ղեկավարութեան բնոյթը փոխուած է եւ ա՛լ առաջուանը չէ: Աւանդական առաջնորդներու՝ խմբագիրներու, կրթական մշակներու, աքթիւիստներու, փաստաբաններու եւ մասնագէտներու առընթեր կան նոյնքան եւս, որոնք կը ներկայացնեն ղեկավարութեան նոր «ապրանքանիշը». մեծահարուստ անհաստներ, որոնք հիմնած են իրենց անձնական հիմնադրամները, խումբերը կամ փոխանակման ծրագիրները, ինչպէս՝ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամ (Կարօ Արմէն), Փարոս (Ռոժեր Սթրաուչ), «Դէպի Հայք» (Էտել Յովնանեան), «Թումօ» (Սեմ Սիմոնեան), «Հայաստան-2020» (Նուպար Աֆէեան, Ռուբէն Վարդանեան) եւ դեռ աւելին: Այս մարդիկը անուրանալիօրէն կարեւոր գործ կը կատարեն Հայաստանի համար, սակայն մեծ մասամբ անոնք մենաներկայացում կ'ընեն՝ հաշուետու ըլլալով մի՛միայն իրենք իրենց եւ նուիրատուներուն, ինչը կը խաչաձեւուի մեր համայնքներուն մէջ ընթացող աշխատանքներուն: Բայց եւ այնպէս այս նոր խաղացողները մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն հասարակութեան մէջ՝ սնուցելով ու ոգեշնչելով անոնք, որոնք իրենց լաւ գործերը ջերմօրէն կ'ողջունեն հայրենիքի մէջ: Այս առումով անոնք կը խաղան թէկուզ տարբեր, սակայն առաջնորդի առանցքային դեր:

Անկախութենէն ի վեր,– եւ Երեւանէն եկած բազմաթիւ քաջալերանքներով,– նիւթականը աւելի գերադաս դարձած է: Անոնք, որոնք դրամ ունին եւ կը ծախսեն, կը համարուին համայնքի առաջնորդներ, իսկ անոնք, որոնք չեն ծախսեր, լաւ... ներողութիւն:

Այսպիսով այս նորաճ վերնախաւը աւանդական իմաստով համայնքի ղեկավարութիւն չէ: Այնուամենայնիւ, դժուար է ուրանալ անոր խաղացած դերը՝ Հայաստանի նկատմամբ ժողովրդային ընդգրկուածութեան նոր տեսակներու ձեւաւորման գործին մէջ: Թերեւս, ուրեմն, մենք պէտք է պարզապէս ընդլայնենք մեր տեսադաշտը եւ ընդունինք, որ այս հատուածը կը ներկայացնէ առկայ հիմնարար ջանքերուն համահաւասար ու լրացնող արժէք: Այլ խօսքով՝ այսօր ղեկավարութիւնը կը բաղկանայ 1) ի շահ հայրենիքի ներգրաւումէ ու գործողութենէ, 2) մեր միասնականութեան եւ ժողովուրդի գոյատեւման ուղղուած ջանքերէ: Իրաւամբ դժուար է պատկերացնել ղեկավարութեան մէկ հատուած մը, որ կը գործէ առանց միւսին: Ի վերջոյ կրնա՞յ Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն համար Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած դրամահաւաքը յաջողութիւն գտնել, եթէ անոր դիմաց չկայ կիրթ ու խանդավառ լսարան մը:

Դեռ կայ աւելին. կը վախնամ. բան մը, որ կը պահանջէ աւելի մտածում՝ մեր տեսադաշտը պարզելէ կամ ընդլայնելէ անդին: «Հին» եւ «նոր» ղեկավարութեան միջեւ դասակարգի խորացող բաժանումն է այդ: Անկախութենէն ի վեր,– եւ Երեւանէն եկած բազմաթիւ քաջալերանքներով,– նիւթականը աւելի գերադաս դարձած է:Անոնք, որոնք դրամ ունին եւ կը ծախսեն, կը համարուին համայնքի առաջնորդներ, իսկ անոնք, որոնք չեն ծախսեր, լաւ... ներողութիւն: Արդիւնքը այն է, որ կը ձեւաւորուի «վճարէ՛՝ խաղալու համար» միջավայր մը, որ ամբողջովին կը հակասէ մեր համայնքներուն աւանդական դիմագիծին ու գործելակերպին:

Հիմա ոմանք կ'ըսեն, թէ «վճարէ՛՝ խաղալու համար»-ը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, գոնէ ինչ-որ չափով: Թերեւս այդպէս է: Սակայն այսօր ան համատարած է, որ մուտք գործած է մեր համայնքային կեանքին մէջ, եւ կը խախտէ հաւասարակշռութիւնը այն բոլորին, որուն ձեռք կու տայ:

Այնպէս կը թուի, թէ արդէն անցած են այն օրերը, երբ կ'ապաւինէինք բազմատեսակ առաջնորդներու. օրինակ՝ եկեղեցւոյ տարեկան ժողովը խորհրդակցութեան համար կրնար ներառել հաշուապահներ, կառատան մեքենաբաններ, ուսուցիչներ, խանութպաններ, ինչպէս նաեւ մեծահարուստ մասնագէտներ ու գործարար անհատներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նպաստ կը բերէր տարբեր ձեւով: Թէեւ այս կաղապարը կը շարունակէ օգտագործուիլ կարգ մը տեղեր, սակայն կարծես կը սկսի քիչ-քիչ անցուկ դառնայ ազգային բեմին վրայ:

Զայն կը փոխարինէ նոր վերնախաւականութիւն մը՝ սնած նորազատական գաղափարախօսութեամբ, ուր անհատական հարստութիւնը կը գլէ-կ'անցնի հաւաքական որոշումներու կայացումը, եւ ուր միացեալ ուժի, փառքի եւ անհատականութեան մշակոյթը ինչ-որ ձեւով կախարդականօրէն կը ծնի իմաստութիւն, կենսափորձ եւ յառաջադէմ գաղափարներ:

Նման միջավայրի մէջ մեր՝ որպէս համայնքի հաւասարակշռութիւնը,– ինքնին համայնքի նպատակակէտը,– կը յայտնուի մարտահրաւէրի առջեւ: Ինչպէս նշած եմ վերը, մինչ նոր վերնախաւը շատ բան ունի տալու, անոր հռետորաբանութիւնն ու գործելաոճը ցոյց կու տան, որ անոնք կը կարծեն, թէ կարելի է առանձին գործել որպէս բարեգործական ինքնաստեղծ գործակալութիւններ: Սակայն առանց հզօր համայնքի՝ դժուար թէ նման բարեգործութիւններու «ընտրազանգուած» գոյութիւն ունենայ. ի՞նչ կը կարծէք:

Այս խնդիրը լուսաբանելու համար կը բերեմ այն բաց նամակը, որ հրատարակուած է 28 Հոկտեմբեր 2016-ին «New York Times»-ի մէջ՝ «The Future of Global Armenians is now» խորագիրով: 23 հոգիի ստորագրած նամակը կոչ կ'ուղղէ սփիւռքահայութեան՝ աւելի մեծ յանձնառութեամբ աշխատելու՝ Հայաստանը համապատասխանեցնելու համաշխարհային չափանիշներուն, ինչպէս այն երկիրներունը, ուր մենք՝ սփիւռքահայերս կ'ապրինք», եւ բարձրացնելու «գործընկերութեան եւ համակարգումի աննախադէպ ոգին բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն միջեւ»:

Հակառակ միասնութեան ազնուական կոչին՝ ամբողջ հայ ազգը ներկայացնելու կոչուած նամակը սայթաքեցաւ իր միտումին մէջ: 23 ստորագրողները բաղկացած էին բացառապէս նշանաւոր, հարուստ կամ բարձր դիրքեր զբաղեցնող անհատներէ: 23-էն ընդամէնը մէկը կին էր:

Եթէ ստորագրողներուն նպատակը ազգը առաջնորդելն էր, հապա մնացեալի՞նս: Ի՞նչ կ'ըսէք Երեւանի շինարարական բանուորներուն մասին, որոնց աշխատավարձը հազիւ կը վճարեն սակաւապետ տիրակալները, այն համայնքներուն մասին, որոնք մօտ են Մեղրիի թունաւոր հանքավայրերուն, ինչպէս նաեւ երբեմնի դասախօս-այժմու վարորդներուն մասին, որոնք կը փորձեն իրենց օրուան հացը ճարել Երեւանի այսօրուան տնտեսական պայմաններուն: Ի՞նչ կ'ըսէք այն չգնահատուած կապտօձիք հերոսներուն մասին, որոնք յարաբերական անորոշութեան մէջ կը ջանան պաշտպանել մեր դպրոցները՝ լեցնելով մեր եկեղեցիներն ու համայնքային կեդրոնները Սփիւռքի մէջ: Իսկ ի՞նչ կ'ըսէք Հայաստանի երիտասարդ աքթիւիստներուն մասին, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրած են՝ վերաձեւելու համար երկրի քաղաքական դաշտը: Անոնք ոչ մէկ տեղ ներկայացուած են այս կոչին մէջ:

Ես այնպէս կը զգամ, որ ան նախատեսուած է բոլորին համար բայց ուղղուած է ո՛չ բոլորին կողմէ: Այլ կերպ ըսած՝ կարծես հռետորական յանձնառութիւն կայ «ժողովուրդին համար», բայց զզուանք/խուսափում «ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին կողմէ»-էն: Եթէ այդպէս է, ապա մենք խնդիր ունինք:[4] Նոր վերնախաւի խնդիրներէն մէկը այն է, որ անոր գործելու կերպն ու եղանակը միշտ յարիր չեն ըլլար համայնքային կեանքին. մենք չենք կրնար միայն ժողովուրդին համար աշխատիլ, կարծես անոնք շահառուներ կամ կարիքաւորներ ըլլան: Մենք պէտք է աշխատինք նաեւ մարդոց հետ՝ առանց բացառութեան: Արդեօք կարելի՞ է ըսել, թէ ո՛չ աշխատանքի կազմակերպիչներ, ո՛չ բնապահպաններ, ո՛չ կանանց իրաւունքներու պաշտպաններ, ո՛չ հետաքննող լրագրողներ արժանի են ստորագրելու նման յայտարարութիւններու տակ: Միթէ այս մարդիկը նուա՞զ «աշխարհային», նուա՞զ համընդհանուր են, պարզապէս որովհետեւ դրամատիրական տիրոյթին մէջ չեն: Սա անկեղծօրէն վերնախաւական, վիրաւորական եւ ի վերջոյ անարդիւնաւէտ է: Եթէ մենք իրաւամբ մտահոգուած ենք մեր համայնքներով, ապա մեր պարտականութիւնն է մենք մեզ հաւաքականօրէն զօրացնել, ըլլայ այդ տունը թէ արտերկիր, ուր հատուած մը չի կրնար իր ներուժը ի գործ դնել առանց միւսը զօրացնելու: Յուսամ սա է այն ազգային միասնութիւնը, որ մենք նկատի ունինք:

Ինծի ինչ-որ չափով հեգնական կը թուի, որ նման գաղափարներ կը ծագին Նիկոլ Փաշինեանի այցելութեան առիթով: Ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի անդրադարձած կարեւոր կէտերուն, որոնց կարգին՝ իրաւասութիւն տալ քաղաքացիին, շեշտել անոր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները եւ հանրութիւնը վերադարձնել հանրային ծառայութեան ընկալման մէջ, անոնց համար անհրաժեշտ է աւելի լայնակազմ ղեկավարութիւն մը, քան դեսպանատունը հաւաքուածը:

Թերեւս մենք պէտք է ականջ տանք Փաշինեանի պատգամին եւ ձգտինք նորաձեւելու Սփիւռքի խաղադաշտը. խաղադաշտ մը, որ ի կիր կ'արկանէ բոլոր տաղանդներն ու կարողութիւնները այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր մենք կը քաջալերենք ձեռներէցութիւնն ու առողջ մրցակցութիւնը՝ անշուշտ միաժամանակ կարեւորելով ընթացող գործակցութիւնն ու փոխաջակցութիւնը: Մենք անցնելիք ճամբայ ունինք՝ այս հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու համար, ինչ որ անկարելի չէ ամենեւին:

Նշումներ:

  1. Այս ուղղութեան օրինակներէն են ՀՀԱՄ-ը՝ ակադեմական, Հայկական համագումարը՝ ջատագովական, Հայ մշակոյթի ընկերութեան բարեկամներ՝ մշակութային, «Արմինիըն Ռիփորթր»-ը՝ մամուլ, Ֆիլատելֆիոյ հայկական նոր տարի՝ ընկերային:
  2. Գործող շրջանակին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին կրնանք նշել այլ խումբեր ալ, ինչպէս՝ ԱՍԱԼԱ, որ հիմնուեցաւ առ ի անմիջական արձագանգ գլխաւոր կուսակցութեանց պահպանողականութեան:
  3. Այս հարցին մանրամասնութիւններուն աւելի ծանօթանալու համար տե՛ս իմ յօդուածս՝ «Twenty-Six Years On: From Charitable Assistance to Social Change», «Armenian Weekly»-ի 21.9.2017 թիւին մէջ:
  4. Որքան գիտեմ, այս բաց նամակին ուղղուած մէկ հրապարակային քննադատութիւն կայ, որ hնչեց մի քանի տասնեակ աքթիւիստներու՝ յայտարարութեան ցեղային անհաւասարութեան դատապարտումէն օրեր ետք: Որովհետեւ այնտեղ նշուած էր, որ կը ներկայացուէր ամբողջ ազգը, սակայն իրողութիւնը այն է, որ ստորագրողներէն ընդամէնը մէկը կին էր: Մինչեւ այսօր ուրիշ քննադատութիւն չեմ կարդացած, յատկապէս նամակին ենթաբովանդակութեան կամ վերնախաւական, նորազատական էութեան:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *