Ձեր Հաւատքը Մի՛ Կորսնցնէք

I should have answered earlier, but taking into consideration the importance of the subject you touched upon in your letter, I had to delay my answer to allow time for sufficient deliberation

Բաց նամակ

Յարգելի՛ պարոն Պալեան,

Պէտք էր, անշուշտ, աւելի շուտ պատասխանել, բայց նկատի ունենալով ձեր նամակի ակնարկութեան կարեւորութիւնը, հարկադրաբար ուշացուցի պատասխանս` մտածումի ժամանակ յատկացնելու:

Չէ՛, չեղաւ:

Սրտովս պիտի գրեմ:

Սիրելի Յակոբ,

Ներողամիտ գտնուիր պատասխանիս ուշացման համար: Ճիշդն ըսելու համար` օրական բաւական մեծաթիւ ե-նամակներ կը ստանամ. կարեւոր նամակներուն նոյն կամ առաւելագոյնը յաջորդ օրը կը պատասխանեմ: Այս կը վերաբերի անգլերէն կամ ֆրանսերէն նամակներուն, իսկ հայերէն նամակները կը մնա՜ն, կը մնա՜ն, կ՛իջնեն ե-նամակներու ցանկիս վարը, անոնց վրայ կը դիզուին ուրիշ` անգլերէն ու ֆրանսերէն անկարեւոր նամակներ… Հարիւրաւոր անկարեւոր նամակներուս կարգին շարուած կարեւոր նամակդ միտքէս չէր ելած, սակայն:

Կը յիշեմ իննսունական տարիներուն, երբ էսպէս ասած տեխնոլոգիան «spell check»-ով նոր յաղթահարած էր ուղղագրութեան հարցը, կը մատնանշէիր, որ պէտք էր հայերէնի` արեւմտահայերէնի մէջ ալ նոյն դրութիւնը ունենայինք: Եւ ես, ի՞նչ մեղքս թաքցնեմ, դպրոցական տարիներուս ուղղագրութիւնը քննութիւններուս մէջի սեւ կատուն էր. այնպէս որ, առաջարկդ ուշադրութիւնս գրաւած էր: Եւ այդ սեւ կատուին պատճառով ալ ստացած հայերէն նամակներս կ՛իջնե՜ն, կ՛իջնե՜ն ե-նամակներու ցանկիս վարը: Պատճա՞ռը` իւրաքանչիւր բառի համար բառարան բանալը, մայրենի` հարազատ լեզուովս գրելը տաժանակիր տանջանքի կը վերածէ:

Եթէ մոռնայինք քերականութիւնն ու հոլովումները եւ կեդրոնանայինք պարզապէս ուղղագրութեան վրայ, հարցը ինքնին շատ պարզութեամբ կրնար լուծուիլ: Կը բաւէր հայերէն բառերու ցանկ մը կազմել եւ ներբեռնել «Word»-ի մէջ: Որոշ ժամանակ մը համակարգչիս մէջ կ՛արձանագրէի իւրաքանչիւր սրբագրուած բառ, սակայն օր մը համակարգիչի հարց ունեցայ, եւ տարիներու ընթացքին կուտակած բառերս աշխատանքիս հետ միատեղ անվերադարձ կորան: Մենք կարիքը ունինք անոր, որ մէկը ամբողջական ցանկ մը վերցնէ եւ բանակցի «Մայքրոսոֆթ»-ին եւ «Կուկըլ»-ին հետ, որպէսզի անոնք պարզապէս ներառեն արեւմտահայերէնը իրենց հարիւրաւոր լեզուներու ցանկին մէջ: Սակայն ո՞վ. ո՞վ է մեր տէրն ու տիրականը, մեր պահապանը:

Պասքը, պրըթոնը, իոնը, տիւէհին, օրիան եւ ուրիշ լսած չլսած լեզուներդ ունին իրենց ուղղագրական սրբագրիչը, սակայն մենք մեր գլխին ճարին չենք կրցած նայիլ:

˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜

Քանի մը տարի առաջ, նախարար Յակոբեանին հետ հանդիպման մը ընթացքին, համեստօրէն մատնանշեցի, որ արեւմտահայերուն ուղղած եռամսեայ նամակը աւելի հասանելի կ՛ըլլար, եթէ անիկա գրուած ըլլար արեւմտահայերէն` մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, թէ` վստահաբար Երեւան գտնուող սիրիահայերէն շատեր սիրայօժար կրնային օգտակար ըլլալ այս ուղղութեամբ: Խօսքիս վրայ տիկին Յակոբեանը կանչեց պարոն Արսլանեանը ու ըսաւ «Խնդրում եմ` գրանցես պարոն Շնորհօքեանի առաջարկն ու գործադրես»: Դժբախտաբար պարոն Արսլանեանը մեր տեսակցութենէն քիչ ժամանակ ետք գործի փոփոխութիւն ունեցաւ եւ առաջարկս ջուրը ինկաւ:

Երկու տարի առաջ, վեհափառ հօր հետ հանդիպման մը ընթացքին, հարց տուի, թէ ո՛վ էր մեր եւ մեր արեւմտահայերէնին պահապանը, թէ ո՞վ կրնար իրաւացիօրէն բանակցիլ «Մայքրոսոֆթ»-ին եւ «Կուկըլ»-ին հետ, թէ` պասքը, պրըթոնը, իոնը, տիւէհին, Օրիան եւ ուրիշ լսած չլսած լեզուներդ ունին իրենց ուղղագրական սրբագրիչը…

Վեհափառ հայրը հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ ակնարկութեանս, բացատրեց, որ նոր կորսնցուցած էին կաթողիկոսարանի հայագիտութեան պատասխանատուն, աւելցնելով, որ հազիւ նոր անձ մը նշանակուէր, պիտի քննարկէր առաջարկս:

Անցեալ ամիս Երեւանի մէջ հանդիպեցայ պարոն Փանոսեանին որ ի վերջոյ ինծի տուաւ մեծ աւետիս` «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը ձեռնարկած էր պատրաստութեան ուղղագրական սրբագրիչի ծրագիրի, ներառեալ` քերականութիւնն ու հոլովները:

˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜

Անցեալ շաբաթ Փաթրիսիային քեռորդին` Ժոնասը գրեց ու յայտնեց, որ օգոստոս 13-21 Հայաստան պիտի երթայ ընկերոջ` Կասպարտին հետ: Երկուքին ալ հօրմով-մօրմով ֆրանսացի են. ինչո՞ւ կ՛երթան: Հայաստանի մասին Ժոնասին ամբողջ գիտցած-չգիտցածը զարմիկներն են` երեք զաւակներս:

Հա՛, չմոռցած, տղուդ՝ Աքսելին բարեւս յայտնէ. կապը կորսնցուցած եմ: Տղուս` Յովանին վրայ ինքն ալ «էմեկ» ունի. թէ՛ որպէս իր փրոֆէսորը, թէ՛ որպէս հայ: Յովանը երակներու մասնագէտ վիրաբուժ դարձաւ: Իր խումբը Ֆրանսայի 43 հիւանդանոցներու մէջ լաւագոյն արդիւնքը ունի: Անցեալ ամիս Պէյրութ հրաւիրուած էր: Զինք մինակ չձգեցի: Հետը գացի: Ինքն ալ ինծի ընկերակցեցաւ Պէյրութի հանդիպումներուս: Շահանը շատ տպաւորուած էր Յովանի անխարդախ հայերէնով եւ փայլուն միտքերով:

Սեւակը դեղագործ դարձաւ: Ամէն օր, գործէն ետք, մինչեւ կէս-գիշերները կամաւոր կը ծառայէ թմրամոլներու յատուկ կեդրոնի մը մէջ: Փաթրիսիան մտահոգ է, որ մոթորսիքլեթով գործի կ՛երթայ-կու գայ: Նշանաւոր «Moto Guzzi»-ով, որուն վրայ փակցուցած է ներքեւի իր գծած եւ տպել տուած հետաքրքրական սթիքըրը: Է՜հ, ներենք իրեն իր ուղղագրական սխալը. պտուղը ծառէն հեռու չ’իյնար:

Կայանէն արդէն քսանչորս տարեկան է, չինագիտութիւն կ’ուսանի: Վեց տարիէ անդադար կը պնդէր, որ իրեն ընկերակցիմ Երուսաղէմ` ուխտագնացութեան: Անցեալ տարի, Զատիկին գացինք: Մէկ շաբթուան ընթացքին, Բեթղեհեմէ Գողգոթայ եւ Գողգոթայէն Համբարձման լեռ, եկեղեցի չձգեց, ուր զիս չտարաւ: Գլխածածկ` զիջեցաւ ոչ մէկ Ս. պատարագի մինչեւ աւարտը մնալէ: Ես ալ, հայրական պարտականութենէս անդին, սեպեցի, որ բողքականի յարգանքի տուրքէս մասնավճար մը ըրի մեր մայր` սուրբ եկեղեցւոյ: Ուխտագնացութեան աւարտին Կայանէն խաչ մը դաջել տուաւ թեւին վրայ:

Փաթրիսիան աշխատանքը եւ դասաւանդութիւնները կը շարունակէ: Եթէ մէկը հարց տար, թէ ո՛վ էր մեր տան հայը, անտարակոյս պիտի մատնանշէի` Փաթրիսիան. Այս` հակառակ անոր որ հայկական արիւն չունի: Ինքն էր, որ մեր զաւակները հայկական դպրոց արձանագրեց, պայքարեցաւ, որ դպրոցը` Սամուէլ Մուրատը չփակուի…

Դպրոցասէր վարժարան աւարտելնէն ետք ինքն էր խնդրողը պարոն Ադամեանէն, որ շարունակէր հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդումը` անձնական դասերով, մինչեւ պաքալորէայի տիրանան: Ի՞նչն է, որ կը բնորոշէ հայ ըլլալը: Արի՞ւնը, թէ՞ հոգին: Արեւմտեան հայստանէ հայկական ծինով թուրք մը՞, թէ՞ աղուանական ծագումով հայ մը:

˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜

Պատմական Հայաստանը եղած է լեռնային երկիր, ուստի, այդ կացութենէն մեկնելով, մեր իշխանները եղած են իրարմէ հեռու եւ անկապ: Մեր ներկայի իշխաններն ալ թէեւ կը գտնուին Լոս Անճելըսի եւ Փարիզի նման տափարակ քաղաքներու մէջ ու կ՛ապրին հաղորդակցութեան դարուն, բայց եւ այնպէս՛ իբրեւ արժանաւոր ժառանգորդներ իրենց հայրերուն, տէրն են նոյն կեցուածքին:

Մեր սիրելի կուսակցութեան հերթապահը իր քաջալերանքը եւ զօրավիգը յայտարարելէ ետք համահայկական, համախմբող, համակարգող բեմի մը ուղղութեամբ, ըսաւ` «Սակայն մրցակցութիւնն ալ մրցունակութիւն կը ստեղծէ»:

Խորագէտ հերթապահը իրաւունք ունի, սակայն ժամանակները կը փոխուին. այսօր «Macy՛s»-ը շուկայի բաժին կը կորսնցնէ ահաւոր ընթացքով, իսկ «Amazon»-ը շուկայի առիւծի բաժնին կը տիրանայ: Kodak հիմնարկը քսան տարի առաջ 175 հազար աշխատաւոր ունէր, իսկ այսօր պարզապէս գոյութիւն չունի: Թուայնացումը փոխեց տնտեսութեան կացութիւնը: Նոյնպէս ալ, ժողովուրդի վերաբերումը կը փոխուի ընկերային կազմակերպութիւններու ուղղութեամբ: Այսօր, Արեւմուտքի մէջ, մարդիկ կը քաշուին մրցակցող, պայքարող կառոյցներէ: Չե՛ն ուզեր: Անոնք կը ձգտին նպաստել ընկերային եւ մարդասիրական նպատակներ հետապնդող ու կառուցողական ոգիի տէր միութիւններու: Ասիկա ո՛չ կուսակցութեան մեղքն է, ո՛չ ալ առանձնայատուկ է հայութեան: Տե՛ս, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Ֆրանսայի Ընկերվարական եւ Հանրապետական կուսակցութիւններուն: Փուլ եկան:

Երուսաղէմ այցելութեանս ընթացքին իսկապէս տպաւորուած էի հրեայ բնակչութեան մշակութային այլազանութենէն, անոր հագուկապուստի տեսակներու ճոխութենէն: Մարդիկ` մեծ մուշտակէ գլխարկներ հագած, լայն, սեւ վերարկուներ, ուրիշներ` տափակ գլխարկներ, սեւ համազգեստով, գօտիներէն կախուած փիւսքիւլներով, ուրիշներ քաղաքացիական հագուստներով` գիբաով կամ առանց գիբայի: Կանայք ծածկած իրենց գլուխները, կեղծամով, ուրիշներ` շպարով եւ կարճ փէշերով: Այս բոլոր այլազանութեամբ հանդերձ, անոնք ունին մէկ համակարգ AIPACԱմերիկայի հրէական հանրային գործերու յանձնաժողով, իսկ մենք ունինք երկու՝ մրցակցող եւ զիրար հակասող հաստատութիւններ: Այլազանութիւնը հարստութիւն է, իսկ համակարգումը` էական:

˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜

Ժոնասը Հայաստան պիտի երթայ ընկերոջ` Կասպարտի հետ. ինչո՞ւ չերթայ: Կ՛երթայ այցելելու այս բարձր մշակոյթի տէր երկիրը, իր պատկերացումով` հրաշք երկիր մը, իբր թէ Ճափոն այցելէր:

Հայութենէն գիտցած երեք զարմիկները, երեք հրաշք երիտասարդներ, բարոյական եւ մարդկային արժէքներու տէր, հպարտ հայեր են: Ինչո՞ւ, հրաշք երկիր չէ՞:

«Մենք» որքա՞ն հպարտ ենք մեր ժառանգութեամբ եւ մեր հայրենիքով:

«Մենք» կրնա՞նք փոխանցել տեսիլք եւ տենչ` նոր սերունդներուն, որ անոնք ձգտին հայ ըլլալու, ըլլան հպարտ հայեր:

«Մենք»-ով կ՛ակնարկեմ ինձմէ, քեզմէ, մեր զաւակներէն անդին:

Այսօր մեր կրթական հիմնարկները, տեսիլքէ առաջ, առօրեայի նիւթական հարցերը լուծելու ետեւէն կը վազեն: Կը հասկնամ. եթէ տունդ տանիքէն ջուրը ներս կը թափանցէ կամ ամսավճար չունիս կամ չես կրնար վճարել, ինչպէ՞ս կրնաս մտածել տեսլականի մասին:

Դիմացնիս պարզուած է, սակայն, պատերազմ: Քառօրեայ պատերազմէն աւելի ահաւոր, աւելի դաժան պատերազմ մը:

Ահա արեւուն տակ դրուած ձիւնի նման կը հալինք: Կը բաւէ տեսնել զաւակներուս դասընկերները, որոնք մեծամասնութեամբ դասալիք հայեր են: Տակաւին, ասոնք մաս կը կազմեն Ֆրանսայի նոր սերունդի մէկուկէս տոկոսին, որոնք բարեբախտութիւնը ունեցած են հայկական դպրոց յաճախելու:

Այս պատերազմը պիտի դիմագրաւենք` խա՞ռն, անկա՞րգ, թէ համախմբուա՛ծ: Իբրեւ ազգ` պիտի ունենա՞նք մեր լեզուի երկու ճիւղերուն, մէ՛կ ուղղագրութիւն: Ո՞վ պիտի որոշէ: Ճիշդ պիտի չըլլա՞ր հաստատել արմատականը` մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, այսպիսով անվտանգ վիճակի մէջ դնելով նաեւ արեւմտահայերէնը: Ո՞վ պիտի որոշէ` քաղաքական գործիչնե՞րը, թէ՞ տեսիլքի տէր մտաւորականներ:

Թէոտոր Հերցելի «Հրէական պետութիւնը» (The Jewish State – 1896) գիրքին մէջ անգլերէնը նախատեսուած էր որպէս ապագայի պետութեան պաշտօնական լեզուն: Այդ ժամանակաշրջանին ետիշը ամենաշատ գործածուած խօսակցական լեզուն էր հրեաներուն մօտ, իսկ եբրայերէնը մեռած լեզու էր. ոչ ոք կը խօսէր եբրայերէն: Եւ ահա Էլիազար Պեն Եահուտանանունով մարդ մը տեսիլքը ունեցաւ վերակենդանացնելու եբրայերէնը: Ան գրեց արդի եբրայերէն լեզուի օրէնքներն ու քերականութիւնը, զայն սորվեցուց իր որդւոյն. երկուքը հանդիսացան եբրայերէն խօսող առաջին երկու անձերը, ռահվիրաները` վերակենդանացնելու եւ տարածելու լեզուն, որ մինչեւ այսօր վերելք կ՛արձանագրէ:

Գիտեմ, որ այս օրինակը հաճելի չի թուիր շատերու: Թէոտոր Հերցելէն առաջ եւ նոյնիսկ ֆրանսական յեղափոխութենէն առաջ, մենք ունեցած ենք Շահամիր Շահամիրեանը, որ 1772 թուին հրատարակեց «Որոգայթ փառաց» գիրքը, գեղեցիկ օրինակ մը` ժողովրդավարական պետութեան մը, իր մշակուած սահմանադրոեամբ: Մենք ունեցած ենք Մխիթար Սեբաստացին որուն տուած կայծը երեք դարեր շարունակ ճառագայթեց ազգին մէջ:

Ցեղասպանութիւնը մէկուկէս միլիոն հայերու կեանքերը խլելէ անդին` խլեց եւ զրկեց մեզ մեր առաջնորդներէն: Այսօր սակայն մենք ունինք սերունդ մը, արժէքաւոր տաղանդներու: Մեր միակ պէտքն է համախմբել անոնք, որոնք ունին տեսիլք եւ կրնան մշակել ռազմավարութիւն:

Թող մեր իշխանները վար գան իրենց լեռներէն, ունենան իմաստութիւնը` համագործակցելու:

Թող մեր «Յեղափոխական» եւ «Բարեգործական» կոչումներու պահանջատէր սփիւռքի երկու բեւեռները հատուածականէն աւելի բարձր դասեն ազգային շահերը, ու համագործակցին:

Թող անոնք ունենան մեծութիւնը` ոռոգելու մէկը միւսին դաշտին մէջի նորատունկ բոյսը, գէթ` փոքր սուրճի գաւաթի մը ջուրով:

Թող «համահայկականը», գեղեցիկ բառ մը ըլլալէ անդին, թափանցէ անոնց հոգիներուն խորքը:

Վերմակը իրարու վրայ քաշելու ժամանակ չունինք այլեւս: Մեր տակէն անկողինը կը սահի, կ’երթայ, ուր որ է, մեր մահիճը կը ջարդուի:

Այսօր մեր կրթական հիմնարկները, այլ ազգային հիմնարկներու կարգին, տեսիլքէ առաջ առօրեայի նիւթական հարցերը լուծելու ետեւէ կը վազեն: Սակայն եթէ ունենանք առաջնորդութիւն, նիւթական հարց չենք ունենար:

 «Մի՛ այսուհետեւ հոգայցէք վասն վաղուի` զի վաղիւն վասն ի՛ւր հոգասցի. խնդրեցէ՛ք նախ զարքայութիւն Աստուծոյ եւ զարդարութիւն նորա, եւ այդ ամենայն յաւելցի՛ ձեզ»:

Պատերազմը պիտի դիմագրաւե՞նք` խա՞ռն, անկա՞րգ, թէ՞ համախմբուա՞ծ:

Պիտի ունենա՞նք առաջնորդութիւն, որ համախմբէ, որ փոխանցէ տեսիլք եւ տենչ` նոր սերունդներուն, որ անոնք ձգտին ըլլալու հայ, ըլլան հպա՛րտ հայեր:

Հերցել գրած է, որ տեսիլք ունեցողը յաճախ կ’ընկալուի իբրեւ ցնորամիտ: Այդ կախեալ կ՛ըլլայ արժեւորող անձին տեսիլքի կամ հաւատքի մակարդակէն:

Ունի՞ս հաւատք:

Պատրա՞ստ ես կառուցողական պատասխանատուութին վերցնելու:

Պատրա՞ստ ես պայքարելու անյաղթահարելի սեպուած՝ քարացած ջաղացքներու դէմ:

Երկար գրեցի: Ժամանակն ալ ուշ է:

Առ այժմ:

Նորէն կը գրեմ:

Հաւատքդ մի՛ կորսնցներ:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *