Ղեկավարութիւն

Առաջնորդները հազուագիւտ տարրեր են:
Մահաթմա Կանտիի, Շառլ Տը Կոլի եւ Նելսոն Մանտելայի մակարդակով առաջնորդներ ազգի մը պատմութեան մէջ կը ծնին մի քանի դար անգամ մը:
Առաջնորդները ճակատագիր կ'որոշեն:
Առանց Թէոդոր Հերցլի Իսրայէլի պետութիւն գոյութիւն պիտի չունենար:
Առանց Աւետիս Ահարոնեանի, Արամ Մանուկեանի, Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ մի քանի ուրիշներու, որոնք ձեռնարկեցին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրումին, մենք պետութիւն չէինք ունենար եւ կ'ենթարկուէինք քիւրտերու եւ ասորիներու նոյն ճակատագիրին:

DiasporArm-ը կը ծառայէ որպէս ղեկավարութեան «թխսարան»՝ նպատակ ունենալով բացայայտելու եւ համախմբելու համախոհ, անկախ մտածողներ, որոնք իմաստուն գտնուած են վեր կանգնելու պառակտումներէ, ունեցած են տեսլական եւ ռազմավարութիւն, եւ կը գործեն՝ անցնելով խօսքերէ անդին:
Մեր նպատակն է հաւաքել այդպիսի անհատներ, գործի մղել բեւեռացուած եւ մասնատուած Սփիւռքը, ձեւաւորել գործուն եւ նուիրուած անդամներու խումբ մը, ունենալ ուժեղ «քարշակ» մը, որ երբ կը շարժի, բոլորը կը միանան, ինչպէս նաեւ ազդել եւ լսելի դարձնել մեր ձայնը, քով-քովի բերել անշահադիտական եւ անկուսակցական կազմակերպութիւնները՝ ներդրուած ջանքերը պարարելու համար:
«Ի սկզբանէ էր Բանն»
Ստորեւ շարքէն առաջինը այն առաջնորդող տեսակէտներուն եւ կարծիքներուն, որոնք կառուցողական բնոյթ կը կրեն ազգին համար, ի հայրենիս եւ ի սփիւռս:

Արդեօք հայերը կրնա՞ն համաշխարհային ազգ մնալ կոտրուած հայրենիքով

Հեղինակ՝ դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեան

Այս յօդուածը կը քննարկէ հայկական հաստատութենական հիմնական խնդիրները համաշխարհային տեսանկիւնէ: Ան կը պնդէ, որ հայկական հաւաքական կեանքը կը կրէ առնուազն երեք գործօններու կապանքները. ա) անցեալ, բ) «ազգային փիլիսոփայութեան» բացակայութիւն, գ) փոփոխութիւն յառաջացնող ղեկավարութիւն: Այնուհետեւ ան կ'առաջարկէ ազգային խնդիրներու շուրջ համաձայնութեան ձեւաւորման եւ լուծումներ գտնելու ուղիներ՝ մարդոց երեք տարբեր խումբեր համախմբելու ճամբով. «Մտածողները» (մտաւորականներ, կրթական մշակներ, արհեստավարժներ, աքթիւիստներ), «Ընողները» (կազմակերպութիւններու ընտրուած կամ նշանակուած գործադիրներ) «Գործադրողները» (տեսլապաշտ անհատներ, որոնք ունին կամ կը վերահսկեն նիւթական ու կազմակերպչական նկատառելի պաշարներ):

Կարդալ յօդուածը

«Եթէ մենք կ'ուզենք մնալ քարտէզին վրայ, պէտք է «սփիւռքացնենք» Հայաստանը»

Հեղինակ՝ Տիգրան Եկաւեան

Հայ ազգի գոյատեւումը պայմանաւորուած է Սփիւռքի՝ Հայաստանի քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային կեանքին մէջ անմիջական ներգրաւուածութեամբ:

Հայ վերնախաւի ներկայացուցիչները մտածողութեան յեղափոխութիւն պէտք է ընեն՝ մղելով սփիւռքահայերը, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն ու զօրացնեն մեր պետութիւնը:

Կարդալ յօդուածը

Սփիւռք

Իրավիճակ, հնարաւորութիւններ, կազմակերպում

Հեղինակ՝ Վարդան Գաբրիէլեան

Սփիւռքը իր մէջ կը պարփակէ ուժ եւ կը ներկայացնէ արժէք, որ, սակայն, անկազմակերպ է, մեծ մասամբ չօգտագործուած ու չբացայայտուած հայ քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ:

Ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքը վերակենդանացնել ու վերաշխուժացնել՝ մեր պետականամէտ ու համահայկական մտածելակերպի ձեւաւորման զուգահեռ, ուստի եւ զայն լծել Հայաստանի եւ նոյնինքն Սփիւռքի իրական հզօրացման եւ միջսփիւռքեան հորիզոնական գործակցութեան կայացման:

Կարդալ յօդուածը

ԿՈՉ

Հեղինակ՝ Յովէլ Շնորհօքեան

Հայկական Սփիւռքը, որ կը կազմէ ազգի 75-էն 80 առ հարիւրը եւ անոր տնտեսական ուժին 98 առ հարիւրը (նկատի ունենալով իւրաքանչիւր համայնքի չափը եւ Համախառն ներքին արդիւնքը (GDP)), տարածուած է ամբողջ աշխարհին մէջ, ուր հայեր յարմարած են զիրենք հիւրընկալող երկիրներու տարբեր մշակոյթներուն եւ լեզուներուն:

DiasporArm-ի նպատակն է հիմնել ժողովուրդէն բխող համաշխարհային, լաւ ֆինանսաւորուող կազմակերպութիւն մը, որ պիտի համակարգէ Սփիւռքի ռազմավարութիւնն ու գործողութիւնները եւ պիտի օգտագործէ առկայ ոչ-գործուն պաշարները, ինչպէս նաեւ պիտի աջակցի նոր նախաձեռնութիւններու եւ պիտի պարարէ ներդրուող ջանքերը:

Կարդալ յօդուածը

Ղեկավարութեան եւ օրինականութեան վերահաստատում հայկական Սփիւռքի մէջ

Հեղինակ՝ դոկտոր Անդրանիկ Գասպարեան

Ի՞նչ կը նշանակէ ղեկավարութիւն, ի՞նչ կը ներկայացնէ ան, եւ ինչպէ՞ս սահմանուած է որպէս այդպիսին:

Ղեկավարութիւնն ու օրինականութիւնը, մեծ մասամբ, պատմականօրէն կը պատկանէին քաղաքական կուսակցութեանց եւ անոնց առնչուող կազմակերպութիւններուն: 1990-ականներէն սկսեալ ձեռնարկատէրեր ի յայտ եկան որպէս նոր առաջնորդներ, որոնք փոխանակ «վճարագիր» ներկայացնելու՝ անոնք, նիւթականէն անդին անցնելով, սկսան աջակցիլ իրենց հմտութիւններով եւ կառոյցներով: Անոնք իրենց գործը հաստատեցին մայր հայրենիք, օժանդակեցին քաղաքացիական հասարակական խումբերու՝ խթանելով կրթութիւնն ու ստեղծագործ միտքը, ներդրում կատարելով անոնց համար, որոնք կ'ուզեն ինքնաբարելաւուիլ ու բարեփոխել իրենց կենսապայմանները Հայաստանի մէջ:

Որոշ վերնախաւական ձեռնարկատէրեր դուրս մղեցին անոնք, որոնք չունէին նիւթական միջոցներ, ներառեալ՝ մտաւորականները, որոնք կոչուած են ձեւաւորելու հասարակութեան մտածողութիւնը եւ նշանակալից դեր խաղալու ազգի կերտման գործին մէջ: Եւ արդիւնքը՝ հետզհետէ «վճարէ՛՝ խաղալու համար» միջավայր է, ինչը խոտոր կը համեմատի մեր համայնքներուն վարքուբարքին ու գործելակերպին:

Կարդալ յօդուածը

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *